«ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻ ՆՈՒՐԲ ՀԱՐՑԵՐ, ԶՈՐՍ ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼ» ՇԵՇՏԵՑ ԺՈՄՊԼԱԹ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ նախանցեալ օրուան իր հանդիպումին ընթացքին ինք քննարկած է որոշ զգայուն եւ նուրբ հարցեր, զորս ներկայիս չի փափաքիր բացայայտել:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ սէյիտ Նասրալլայի հետ իր հանդիպումը առաւելագոյն չափով դրական եղած է` աւելցնելով, որ իրենք քննարկած են նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին խորհրդակցութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացան արաբական աշխարհի զարգացումներուն վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ իր եւ սէյիտ Նասրալլայի մեկնաբանութիւնները նոյնանման են` այդ զարգացումներուն առնչութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES