1200 ՏԱՐԻ ԵՏՔ` ՄԱՐՈՆԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ԿԻՊՐՈՍ

Ռայի պատրիարքին եւ նախագահ Խրիսթոֆիասի հանդիպումէն պահ մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Կիպրոս:

Ռայի պատրիարքին կատարած այս այցելութիւնը պատմական այցելութիւն է` նկատի ունենալով, որ 1200 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով մարոնի համայնքի պատրիարք մը կ՛այցելէ Կիպրոսի մարոնի համայնքին:

Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Կիպրոս ժամանելը 1200 տարի ետ երթալ է եւ այդ առիթով պէտք է կիպրական իշխանութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնել իրենց ցուցաբերած հիւրընկալութեան համար:

Ռայի պատրիարքը խաղաղութիւն եւ միասնականութիւն մաղթեց Կիպրոսին` աւելցնելով, որ ինք Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ եւ շեշտած միացեալ Կիպրոսի մը, յատկապէս մարոնի գիւղերու գոյութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին աւարտին Ռայի պատրիարքը Կիպրոսի նախագահին յանձնեց յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ մարոնի պատրիարքութեան մետալը:

Իր կարգին, նախագահ Խրիսթոֆիաս Ռայի պատրիարքին յանձնեց յուշանուէր մը:

Կիպրոս ժամանումէն անմիջապէս ետք, Ռայի պատրիարքը ուղղուեցաւ Նիկոսիոյ մարոնի համայնքի առաջնորդարանը: Առաջնորդարանի Մար Մարոն եկեղեցւոյ մէջ իր մատուցած պատարագին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ընդգծեց սիրոյ եւ գործակցութեան կարգախօսը:

Իր խօսքը ուղղելով մարոնի համայնքի զաւակներուն` Ռայի պատրիարքը զօրակցութիւն յայտնեց անոնց, շեշտելով, որ անոնք Կիպրոսի մէջ կը ներկայացնեն մարոնի համայնքն ու Լիբանանը:

«Այս այցելութիւնը մեզի առիթ պիտի ընծայէ աւելի մօտէն ծանօթանալու Կիպրոսի մարոնի համայնքին եւ մեր միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կապը ամրապնդելու»:

Նշենք, որ Կիպրոսի նախագահական պալատին մէջ Ռայի պատրիարքը ներկայ գտնուեցաւ իրեն ի պատիւ սարքուած ընթրիքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES