ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԻ ՈՒԱՏԻ ԽԱԼԵՏԻ ՄԷՋ, ԻՍԿ ԺԱՊԱԼ ՄԸՀՍԵՆԻ ԵՒ ՊԱՊ ԹԸՊՊԱՆԷԻ ՄԻՋԵՒ ԶԻՆԵԱԼ ԲՈՒՌՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Լիբանանեան բանակը երէկ տեղակայուեցաւ հիւսիսային Լիբանան- Սուրիա սահմանամերձ շրջանի Ուատի Խալետ եւ Աքրում գիւղաքաղաքներուն մէջ:

Բանակին նպատակն է սահմանափակել դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը եւ պահպանել սահմանը:

Միւս կողմէ, նախանցեալ երեկոյեան Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ արձանագրուած զինեալ բախումները երէկ կէսօրին սաստկացան:

Մինչ լիբանանեան բանակը կը փորձէ ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել, երկու շրջաններու զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնառումբեր եւ նռնականետեր նետելու թափը շարունակուեցաւ: Սաստիկ բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան 7 վիրաւորներ: Վիրաւորուեցան նաեւ լիբանանեան բանակի երեք զինուորներ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց բանակին եւ հիւսիսի մէջ գործող ապահովական ուժերուն զսպելու ապահովական խախտումները եւ ապահովելու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց շրջանի բնակչութեան հետեւելու բանակին ցուցմունքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել շրջանին ապահովական կայունութիւնը:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ կը գտնուի Ֆրանսա, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ անկէ խնդրեց ապահովական միջոցներու դիմել` կասեցնելու համար Թրիփոլիի ապահովական դէպքերը եւ վերահաստատելու կայունութիւնը քաղաքին մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES