«ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՄԻՋԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԼՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ լիբանանցի երիտասարդները պէտք է ուսումով եւ գիտութեամբ զինուին` աւելցնելով, որ երկրին կրթական հաստատութիւնները պատասխանատու են այս առաքելութեան:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի միջլիբանանեան երկխօսութեան, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած ներկայ հանգրուանը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց պետական նախարար Ալի Քանսօ, որ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան դիմագրաւած տագնապին լուծման նպատակով սկսած հաղորդակցութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ինտոնեզիական բանակի հրամանատար` ծովակալ Ակոս Շարթոնօ, որ նշեց, թէ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն է ստուգել հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ինտոնեզիական ջոկատը:


