ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑԵՆ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԱՏՈՒՌԸ
Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն ետք Մալաթիոյ իշխանութիւնները համաձայնած են վերակառուցել քաղաքի հայկական գերեզմանատան կից համալիրը, որ պէտք էր ծառայէր իբրեւ մատուռ ու պահակատուն եւ օրեր առաջ հողին հաւասարեցուած էր:
Մալաթիոյ հայերու բարեգործական միութեան նախագահ Խոսրով Քէօլեդաւիթօղլու կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իրենք ակնդէտ պիտի հետեւին վերակառուցման աշխատանքներուն: «Այդ համալիրը մենք կառուցած էինք Պոլսոյ եւ սփիւռքի մէջ ապրող մալաթիացիներէն հաւաքուած գումարներով: Համալիրը քանդուեցաւ, երբ շինարարական աշխատանքները գրեթէ աւարտին կը մօտենային: Մենք մինչեւ վերջ պիտի երթանք», ըսած է ան:
3 փետրուարին յայտնի դարձաւ, որ Մալաթիոյ հայկական գերեզմանատան կից համալիրը քանդուած է: Քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները աւելի ուշ յայտարարեցին, որ սխալմունք տեղի ունեցած է. իրենք շրջանի բնակիչներու բողոքներուն հիման վրայ հրահանգած են քանդել պահակակէտը, սակայն աշխատաւորներու խումբը «սխալ հասկնալով» հրահանգը ամբողջ համալիրը քանդած է:


