ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՔԼԻՆԹԸՆԻՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՅՂԱԾ Է

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին որդեգրած քաղաքականութեան առնչութեամբ նամակ մը յղած է արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան նամակին մէջ ամերիկահայ համայնքին անունով իր վրդովմունքը յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ Քլինթընի վերջին յայտարարութեան առնչութեամբ:

26 յունուարին Քլինթըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին պատասխանելով հանդիպումին մասնակիցներէն մէկուն այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ ինչո՞ւ չեն ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը, յայտարարած էր. «Ցեղասպանութիւնը պատմական հարց է, ոչ թէ քաղաքական»:

Ան ըսած էր, որ «կը կարծեմ, որ արդար պիտի ըլլայ ըսել, որ ես ալ այդպէս կը կարծեմ, որ անիկա (Հայոց ցեղասպանութեան հարցը) պատմական քննարկումներու եւ եզրայանգումներու ենթակայ հարց է, ոչ թէ քաղաքական: Կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այդ հարցին մէջ ճիշդ դիրքորոշում որդեգրած է, որովհետեւ որքան սոսկալի եւ յուզումնալից ըլլայ կատարուածը, միեւնոյնն է, պատմական հարցերը լուծելու համար պետական իշխանութեան օգտագործումը, կը կարծեմ` կը բանայ դուռ մը, որ մուտք գործելու համար շատ վտանգաւոր է»:

Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձած է Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման եւ ըսած, որ այդ օրէնքի որդեգրումը խօսքի ազատութեան սահմանափակում է: «Մեր ուժեղ կողմերէն մէկը այն է, որ մենք ազատ խօսքը չենք քրէականացներ», աւելցուցած էր Քլինթըն:

Վեց էջերէ բաղկացած նամակին մէջ Քեն Խաչիկեան նաեւ շարք մը հարցումներ կ՛ուղղէ Անգարան սիրաշահելու համար Միացեալ Նահանգներու ներկայ եւ նախկին վարչակարգերու ձախողած քաղաքականութեան վերաբերեալ:

«Հարցումներու ազնիւ եւ անկեղծ պատասխանները, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան յստակացման ուղղուած անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկումը կրնան նաեւ հիմք ծառայել քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն եւ կառավարութեան միջեւ երկխօսութեան համար, ինչ որ վերջ պիտի դնէ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան Միացեալ Նահանգներու մեղսակցութեան դարաշրջանին», կը գրէ Խաչիկեան` աւելցնելով, որ «աւելի լայն իմաստով, այս յանցագործութեան ամբողջական եւ պաշտօնական ճանաչումը կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ մարդկութեան համար չարիք հանդիսացող ցեղասպանութիւններու շղթային վերջ դնելու համար»:

Հարցումներէն մէկը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող դիրքորոշումին փոփոխութեան: Ան կը նշէ, որ 20 ապրիլ 2006-ին եւ 18 ապրիլ 2005-ին նախագահ Ճորճ Պուշին ուղղուած նամակներուն մէջ անոնք կոչ ուղղած էին ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Գրած էիք, որ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին եւ համաշխարհային հանրութեան շահերէն կը բխի անցեալը յիշելը եւ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւններէն դասեր քաղելը, որպէսզի անոնք այլեւս չկրկնուին: Արդեօք այսօր դուք կը զղջա՞ք այդ խօսքերուն համար, կամ կը փորձէք հրաժարիլ նամակներուն մէջ արտայայտուած դիրքորոշումէն», հարց կու տայ Խաչիկեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES