ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՄԵՐԺԱԾ Է ՔՆՆԱՐԿԵԼ ԽՈՋԱԼՈՒԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ռուսական «Նովոսթի էք.ռու» կայքէջը, վկայակոչելով «փիա.ազ» կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը անգամ մը եւս արգելակած է Խոջալուի իրադարձութիւնները Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկելու առաջարկը, եւ ատիկա Պաքուին ապտակ մըն է:

Ազգայնական շարժում ընդդիմադիր կուսակցութենէն երեսփոխան Սինան Օկան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճումը չընդունեց արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի Խոջալուի իրադարձութիւնները քննարկելու առաջարկը` աւելի կարեւոր նկատելով Սենեկալի հետ գիւղատնտեսական համաձայնութիւնը»:

«1նիուզ.ազ» կայքէջը շաբաթ օր հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշած է, որ Ազրպէյճան Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի հարցին մէջ Թուրքիոյ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերած է: «Մենք գոհ ենք, որ մինչեւ հիմա այդ հարցին մէջ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը կը տեսնենք եւ անոր մասին կը լսենք: Սակայն կարելի էր աւելին ընել, հակառակ անոր որ ես կը գտնեմ, որ մենք ալ պէտք է աւելին ընենք», ըսած է Էրտողան:

Ան նշած է, որ հետագայ քայլերը կախեալ պիտի ըլլան իրավիճակէն: «Սակայն կ՛ուզեմ հաստատակամօրէն յայտարարել, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը սատարեն իրարու ոչ միայն այդ, այլեւ ուրիշ հարցերու մէջ, եւ այդ աջակցութիւնը պէտք է շարունակուի», ընդգծած է Էրտողան:

 

Share this Article
CATEGORIES