ՍԱՐՔՈԶԻ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Ֆրանսայի մէջ գործող հրէական կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած է` ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը պաշտպանելու:
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ֆրանսայի հրեաներու ներկայացուցչական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ տարեկան ընթրիքին ընթացքին Սարքոզի Հայոց ցեղասպանութիւնը Ողջակիզումին հետ համեմատած է եւ նշած, որ այդ յանցագործութիւնները մարդկութեան դէմ ուղղուած էին:
«Թուրքիան մեծ երկիր է, մեծ քաղաքակրթութիւն ունի, սակայն իր իրական մեծութիւնը ցոյց տալու համար պէտք է իր պատմութեան դէմ յանդիման կանգնի: Իւրաքանչիւր երկիր պէտք է իր պատմութեան թէ՛ մութ, թէ՛ լուսաւոր էջերուն նայելու խիզախութիւն ունենայ», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը եւ աւելցուցած, որ «եթէ մենք այժմ ժխտենք ցեղասպանութիւն մը, ապա հետագային ալ պէտք է պատրաստ ըլլանք Ողջակիզումի ժխտման, ուստի մեզի համար այդ հարցը սկզբունքային է»:
Նշենք, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը մինչեւ 1 մարտ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկում պիտի կատարէ:


