ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՔՈՒԷՅԹԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Վարչապետ Սարգսեան կը դիմաւորէ Քուէյթի դեսպանը

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Քուէյթի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պասսամ Մոհամետ Քապանտին: Շնորհաւորելով դեսպանը պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` վարչապետը յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները յառաջիկային պիտի շարունակուին խորանալ եւ ընդլայնիլ:

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդգծեց, որ երկու տարի առաջ Քուէյթի մէջ դեսպանատուն բանալով` հայ-քուէյթեան յարաբերութիւնները բարձրացան որակապէս նոր մակարդակի: Ըստ վարչապետին, երկու երկիրներու աշխատանքները պէտք է բացայայտեն այն խնդիրները, թէ որո՛նք են երկու կողմերուն համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող ծրագիրները: «Քուէյթը դրամագլուխ արտահանող երկիր է, եւ այդ առումով մենք պէտք է յաջողինք առաջարկել ներդրումային հետաքրքրական ծրագիրներ», նշեց վարչապետ Սարգսեան:

Դեսպանը նշեց, որ իր երկրին կառավարութիւնը եւս շահագրգռուած է զարգացնելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները տարբեր ուղղութիւններով:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացումը` միացեալ ծրագիրներու իրականացման ճամբով: Այդ ծիրին մէջ, կողմերը քննարկեցին Հայաստանի մէջ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի եւ 400 քմ երկարութեամբ երկաթուղիի կառուցման ծրագիրներուն մէջ քուէյթեան կողմի հաւանական մասնակցութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ գիւղատնտեսութեան, հանքարդիւնաբերութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան եւ երկու երկիրներուն միջեւ օդանաւային թռիչքներու հաւանական իրականացման:

Դեսպանը վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին փոխանցեց Քուէյթի վարչապետին ջերմ ողջոյնները եւ կառավարութեան ղեկավարին հրաւիրեց մասնակցելու իր երկրին անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES