ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ՎՃՌՈՂ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ` ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ
ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ ճատրակի աշխարհի ախոյեանին անունը վճռող մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Անգլիոյ մէջ` յառաջիկայ 23 հոկտեմբերէն 13 նոյեմբեր:
Այս մրցաշարքին կազմակերպիչն է ամերիկացի առեւտրական Էնտրու Փոլսոնի ընկերութիւնը` Agon, որուն հետ ՖԻՏԷ-ն արդէն իսկ պաշտօնական համաձայնագիր մը կնքած է այս ուղղութեամբ:
Այս որոշումը տալով` ՖԻՏԷ-ն այսպիսով ընդառաջած եղաւ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանի պահանջին: Վերջինս չէր ուզեր Ազրպէյճանի մէջ այդ մրցաշարքին կայացումը: Երրորդ թեկնածու ներկայացած երկիրն էր Պուլկարիա:
Նշենք, որ մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ ազրպէյճանցի Թէյմուր Ռաճապով:
Այլ գետնի վրայ, յստակացաւ նաեւ Լեւոն Արոնեանի եւ Վլատիմիր Քրամնիքի միջեւ տեղի ունենալիք մրցումին վայրը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 21-28 ապրիլին` Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա):

