ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՊԼՈՒ ՍԹԱՐԶ` 91-55

ՀՄԸՄ Պէյրութ - Պլու Սթարզ մրցումէն (ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ ՀՐԱՉ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ)

Լիբանանի պասեքթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պլու Սթարզը:

Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 91-55 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 18-13, 29-14, 31-13 եւ 15-15:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Գօգօ Մեսչեան (21), ապա յաջորդաբար` Հայկ Խաչերեան (18) եւ Հրակ Մերտինեան (17):

ՎԱՂԸ` ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ՊԸՐԺ ԱՅՆԹՈՒՐԱ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 12 փետրուարին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Պըրժ Այնթուրան: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին:

Share this Article
CATEGORIES