ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՄՈՆԱ ԼԻԶԱՅԻ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԻՆԱԿԸ

Վերանորոգուած գեղանկարը (աջին) շատ աւելի մանրամասնութիւններ կը պարունակէ, քան` սկզբնական նկարը (ձախին):

ՄՈՆԱ ԼԻԶԱ ԵՐԲԵՔ ՉԻ ԴԱԴՐԻՐ ԶԱՐՄԱՑՆԵԼԷ ԵՒ ՀԻԱՑԱԿԱՆ ՆՈՐ ՆԱՅՈՒԱԾՔՆԵՐ ԽԼԵԼԷ: ԳԵՂԱՆԿԱՐ ՄԸ, ՈՐ Կ՛ԵՆԹԱԴՐՈՒԻ, ԹԷ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ «ՄՈՆԱ ԼԻԶԱ»-ԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԻՆԱԿՆ Է, Ի ՅԱՅՏ ԵԿԱԾ Է ՄԱՏՐԻՏԻ ՓՐԱՏՕ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ: ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԱՆԻԿԱ ԳԾՈՒԱԾ Է ՆՈՅՆ ԱՅՆ ՄԻՋՈՑԻՆ, ԵՐԲ ԼԷՈՆԱՐՏՕ Կ՛ԻՐԱԳՈՐԾԷՐ ԻՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐԸ, ՈՐ ԱՅԺՄ ԿԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻ ԼՈՒՎՐԻ ՄԷՋ: ԱՅՍ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՇՐՋԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՆ ՄԵՐ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՆԻԿԱ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՏԱՅ, ԹԷ ՄՈՆԱ ԼԻԶԱ ՃԻՇԴ Ի՛ՆՉ ԵՐԵՒՈՅԹ ՈՒՆԷՐ 16-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ: ՇԱՏԵՐ ԱՐԴԷՆ ԱՒԵԼԻ ԳՐԱՒԻՉ ԿԸ ԳՏՆԵՆ ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ:«ՏԻ ԱՐԹ ՆԻՒԶՓԷՅՓԸՐ», «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.», «ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԵՒ «ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ.» ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՕՐԷՆ ԿԸ  ԲԱՑԱՅԱՅՏԵՆ «ՄՈՆԱ ԼԻԶԱ»-Ի ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ:

Այս գեղանկարին վերանորոգութեան ընթացքին ի յայտ եկած է դիմանկար մը, որ կը վերագրուի Լէոնարտոյի մէկ աշակերտին: Անիկա գծուած է ճիշդ այն ժամանակ, երբ իտալացի վարպետը կը նկարէր իր «Մոնա Լիզա»-ն:

Մատրիտի Փրատօ թանգարանին արուեստի գործերու պահպանութեան պատասխանատուները վերջերս կատարած են զարմանահրաշ յայտնաբերում մը` սեւ ներկի խաւի մը տակ: Այն, ինչ որ կ՛ենթադրուէր, թէ «Մոնա Լիզա»-ի մէկ ընդօրինակութիւնն էր, որ իրագործուած էր Լէոնարտոյի մահէն ետք, իրականութեան մէջ գծուած էր մեծ վարպետին գլխաւոր աշակերտներէն մէկուն կողմէ, որ կ՛աշխատէր անոր հետ: Գեղանկարը աւելին է, քան` պարզապէս արուեստանոցի մը մէջ իրագործուած օրինակ մը: Անիկա իրականութեան մէջ շրջած է իր գեղանկարը կառուցելու Լէոնարտոյի մօտեցումը:

Փրատօ թանգարանին արուեստի գործերու պահպանութեան մասնագէտները այժմ կը մաքրեն սեւ ներկի խաւին վերջին հետքերը` ի յայտ բերելով Թոսքանայի նրբագեղ բնանկարին մանրամասնութիւնները, որոնք հայելին են Լէոնարտոյի իրագործած գլուխ գործոցին խորապատկերին: Մթագնած ջնարակը եւս տքնաջան աշխատանքով կը մաքրուի Մոնա Լիզայի դէմքէն` շատ աւելի ցայտուն արտայայտութիւն մը տալով անոր գրաւիչ աչքերուն եւ առեղծուածային ժպիտին:

Լուվրի «Մոնա Լիզա»-ն մաքրելու ծրագիր չկայ մօտիկ ապագային, որովհետեւ անիկա դիւրաբեկ է եւ զայն վերանորոգելը կը նկատուի վտանգաւոր: Անոր մէջ Մոնա Լիզայի դէմքը ծածկուած է հինցած եւ ճեղքրտուած ջնարակի բազմաթիւ խաւերով, ինչ որ միջին տարիքի երեւոյթ մը կու տայ անոր: Մինչդեռ Փրատոյի 7 օրինակին մէջ Մոնա Լիզան կը տեսնենք այն երեւոյթով, որ հաւանաբար ունէր ան, երբ Լէոնարտօ կը գծէր անոր դիմանկարը. 20-ական կանուխ տարիքի պայծառ դէմքով կին մը:

Լէոնարտօ տա Վինչի եւ մասնաւորաբար, անոր գլուխ գործոց «Մոնա Լիզա»-ն առիթ տուած են զգայացունց անսահման տեսութիւններու: Այսուհանդերձ, «Մոնա Լիզա»-ի ժամանակակից օրինակի մը յայտնութիւնը վաւերական հռչակուած է հեղինակաւոր երկու գլխաւոր հաստատութիւններու` Փրատոյի եւ Լուվրի կողմէ:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ

Մինչեւ վերջերս Փրատոյի մէջ ցուցադրուած արուեստի գործերուն պատասխանատուները չէին անդրադարձած իրենց քով պահուած «Մոնա Լիզա»-ի օրինակին կարեւորութեան: Գոյութիւն ունին «Մոնա Լիզա»-ի քանի մը տասնեակ նմանակներ` 16-րդ եւ 17-րդ դարերէն, երբ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր ցուցահանդէս մը կ՛ընդգծէ, արուեստի հռչակաւոր գործեր ընդօրինակելն ու վաճառելը շահաբեր առեւտուրի մարզ մըն էր:

Լուվրի մէջ կը ցուցադրուի Լէոնարտոյի գծած Մոնա Լիզան, որ նաեւ ծանօթ է «Լա Ճիոքոնտա» անունով:

Թէեւ Փրատոյի գեղանկարը իրագործուած է շատ նուրբ աշխատանքով, սակայն անոր մռայլ եւ սեւ խորապատկերը տեսողական մահաշունչ ստուեր մը կը ձգէր երիտասարդ կնոջ պատկերին վրայ: Ընդհանուր համոզումը այն է, թէ պատկերուած կինը Լիզա Ճերարտինին էր. ֆլորանսցի հագուստի առեւտրական Ֆրանչեսքօ տել Ճիոքոնտոյի կինը:

Մասնագէտի մը համաձայն, Մատրիտի մէջ գտնուող տարբերակը գծուած է բաւական կանուխ, սակայն խորապատկերի բնանկարի մը բացակայութեան պատճառով հետաքրքութիւն չէ ծաւալած անոր շուրջ: Իսկ Փրատոյի հաւաքածոյին պատկերագիրքերը ոչ մէկ ձեւով կը նշեն այս գեղանկարին գոյութիւնը: Թէեւ անիկա պարբերաբար ցուցադրուած է, սակայն ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէր անոր` սեւ խորապատկերին պատճառով, մինչդեռ Լէոնարտոյի գեղանկարին մէջ Մոնա Լիզա պատկերուած էր գեղեցիկ բնանկարի մը դիմաց: Իսկ երբ մաքրուած է այս սեւ խաւը, ի յայտ եկած է Լէոնարտոյի գեղանկարին մէջ պատկերուած Թոսքանայի մէկ բնանկարին նման պատկեր մը:

Մինչեւ վերջերս կ՛ենթադրուէր, թէ Փրատոյի գեղանկարը իրագործուած էր կաղնիի փայտի շերտի մը վրայ (ինչ որ հազուադէպօրէն կը գործածուէր այդ ժամանակներու Իտալիոյ մէջ), հետեւաբար գործն էր հիւսիային Եւրոպայէն գեղանկարիչի մը: Սպանական հաւաքածոներու մէջ իտալական արուեստի ուսումնասիրութեան մը հեղինակը` Խոսէ Ռուիզ Մաներօ եզրակացուցած էր, թէ գեղանկարը գործն էր ֆլեման արուեստագէտի մը:

Սակայն անցեալ տարի քննութեան ենթարկուած էր փայտի շերտը եւ ի յայտ եկած էր, թէ անիկա ընկուզենիի փայտ էր, որուն գործածութիւնը ընդհանրացած էր Իտալիոյ մէջ (այնպէս` ինչպէս բարտիի փայտը, որուն վրայ գծուած է Լուվրի «Մոնա Լիզա»-ն): Չափական դիտանկիւնէն, անիկա շատ մօտ է Լէոնարտոյի գծած դիմանկարին. Լուվրի գեղանկարը ունի 77 սմ բարձրութիւն եւ 53 սմ լայնք, իսկ Փրատոյի օրինակը` 76 սմ բարձրութիւն եւ 57 սմ լայնք:

Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահին մէջ երկու շաբաթ առաջ տեղի ունեցաւ «Լէոնարտօ տա Վինչի. Միլանոյի իշխանական տան գեղանկարիչը» վերնագիրը կրող ցուցահանդէս մը: Անոր զուգահեռ կազմակերպուած արհեստագիտական խորհրդաժողովի մը առիթով մասնագէտներ ներկայացուցին ուսումնասիրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսէին, թէ Փրատոյի գեղանկարին սեւ խորապատկերը հետագային կատարուած յաւելում մըն էր:

Համագումարին ընթացքին մասնագէտները ներկայացուցին ուշագրաւ լուսանկար մը, որ ցոյց կու տար գեղանկարին վիճակը` սեւ խաւը 90 առ հարիւր համեմատութեամբ մաքրելէ եւ վերի աջ մասին մէջ միայն փոքր բաժին մը ձգելէ ետք: Տեսողական դիտանկիւնէն, բնանկարին գոյութիւնը կը կերպարանափոխէր պաստառը եւ կեանքի կը կոչէր զայն:

Նոյնիսկ շատ աւելի մեծ անակնկալ մը կար:

Փրատոյի մէջ պահուած տարբերակին անդրկարմիր ճառագայթներով առնուած լուսանկարները բաղդատուած են Լուվրի մէջ ցուցադրուող «Մոնա Լիզա»-ին 2004-ին առնուած նմանօրինակ լուսանկարներուն հետ: Այս գործընթացը առիթ կու տայ արուեստի գործեր պահպանող մասնագէտներու, որ տեսնեն, թէ ի՛նչ թաքնուած է ներկի խաւի մը ետին. օրինակ` այլ գծագրութիւն մը կամ փոփոխութիւններ, որոնք կատարուած են ստեղծագործելու ընթացքին:

Եւ ի յայտ եկած է, թէ Փրատոյի մէջ պահուած տարբերակին մակերեսի խաւերուն տակ պահուած գծանկարը յար եւ նման էր Լուվրի «Մոնա Լիզա»-ին` նախքան անոր աւարտը: Ասիկա մտածել կու տայ, թէ Լէոնարտոյի «Մոնա Լիզա»-ն եւ անոր Փրատոյի տարբերակը գծուած են նոյն ժամանակ եւ կողք-կողքի: Տարբերակին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները յար եւ նման են Լէոնարտոյի գեղանկարին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն, որոնք արդիւնք էին գեղանկարին ստեղծագործական հոլովոյթին:

Ո՞Վ ԷՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԸ

«Մոնա Լիզա» ներշնչման աղբիւր եղած է հազարաւոր ընդօրինակութիւններու, ինչպէս` այս նկարը. գեղանկարին ամէնէն հսկայական մէկ օրինակը, որ գծուած է հիւսիսային Կալեսի մէջ, 2009-ին:

Հաւանական է, որ Լէոնարտոյի օգնականը հանդիպած է  Լիզայի եւ նոյնիսկ ներկայ եղած է, երբ ան նստած է, որպէսզի վարպետը նկարէր զայն: Թէեւ ոչ մէկ ճեպանկար գոյատեւած է, սակայն հաւանաբար Լէոնարտօ նախագիծեր պատրաստած է` գծելով Լիզայի դէմքն ու դիրքը: Հաւանաբար Լիզա նաեւ այցելած է Լէոնարտոյի արուեստանոցը, երբ գեղանկարիչը կը նկարէր իր դէմքին վերջին մանրամասնութիւնները:

Փրատոյի արհեստագիտական հարցերու մասնագէտը` Անա Կոնզալես Մոզօ Մատրիտի տարբերակը կը նկարագրէ իբրեւ «բարձրորակ գործ մը»: Լոնտոնի համագումարին առիթով ներկայացուցած իր ուսումնասիրութեան մէջ ան նշած է ապացոյցներ, որոնք կը փաստեն, թէ գեղանկարը իրագործուած է Լէոնարտոյի արուեստանոցին մէջ: Յայտնի չէ, թէ Լէոնարտօ ճիշդ ե՛րբ գծած է «Մոնա Լիզա»-ն, սակայն Լուվրի համաձայն, անիկա իրագործուած է 1503-1506:

Ֆրանսայի թանգարաններու վերանորոգութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնին պատասխանատուն` Պրունօ Մոթինի կը հաւատայ, թէ Փրատոյի օրինակին ամէնէն հաւանական հեղինակը Լէոնարտոյի ամէնէն աւելի նախասիրած երկու աշակերտներէն մէկն էր:

Մոթինի կը նշէ երկու անուն. Ատրէա Սալայ, որ 1490-ին սկսած էր յաճախել Լէոնարտոյի արուեստանոցը եւ հաւանաբար դարձած էր իր վարպետին սիրահարը, կամ` Ֆրանչեսքօ Մելցի, որ Լէոնարտոյի միացած է շուրջ 1506-ին: Եթէ Փրատոյի օրինակը Մելցիի պիտի վերագրուի ոճային նմանութեան պատճառով, ապա կը նշանակէ, թէ Լէոնարտօ շատ աւելի ուշ գծած է իր գեղանկարը, քան` ինչ որ ցարդ նշած են Լուվրի մասնագէտները:

Ի՞ՆՉ Կ՛ԱՐՏԱՑՈԼԷ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ

«Մոնա Լիզա»-ի Մատրիտի տարբերակը յատկանշական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ մեզի կը պատմէ Լէոնարտոյի արուեստանոցին մէջ կիրարկուած փորձերուն մասին: Բնօրինակի մը կողքին երկրորդ տարբերակի մը գոյութիւնը առեղծուածային է: Ասիկա աւելի հաւաստի կը դարձնէ Մարթին Քեմփի այն տեսութիւնը, թէ հաւանաբար Լէոնարտօ օգնական ձեռք մը ունէր` «Իլիկով Աստուածամայրը» գեղանկարին երկու տարբերակներուն իրագործումին մէջ (1501-1507): Անոնցմէ մէկը կը պատկանի Պաքլուի դուքսին, իսկ միւսը մաս կը կազմէ Նիւ Եորքի մէջ սեփական հաւաքածոյի մը:

Սակայն ամէնէն հետաքրքրականը այն է, թէ Փրատոյի տարբերակը ի՛նչ բաներ ի յայտ կը բերէ Լէոնարտոյի՛ գեղանկարին մէջ: Մատրիտի գեղանկարին մէջ որոշ մասեր շատ աւելի լաւ պահպանուած են, քան` Լուվրի գեղանկարին մէջ: Տարբերակը շատ աւելի մանրամասնութիւններ կ՛արտացոլէ պատկերուած աթոռին հիւսուածքին մէջ, Լիզայի կուրծքը ծածկող կտորին զարդարուն եզրին մէջ, ինչպէս նաեւ` այն կիսաթափանցիկ քողին, որ ինկած է անոր ձախ ուսին, թեւին եւ արմուկին վրայ: Մատրիտի տարբերակին մէջ Մոնա Լիզա յօնքեր ունի, սակայն Լէոնարտոյի գեղանկարին մէջ յօնքեր չենք տեսներ:

Ամբողջութեամբ վերանորոգուած գեղանկարէն մանրամասնութիւն մը:

Փրատօ թանգարանին մէջ ցուցադրուող իտալական գեղանկարներուն պատասխանատուն` Միկել Ֆալոմիր կը հաւատայ, թէ «Մոնա Լիզա»-ի տարբերակին մասին նշում մը հաւանաբար կարելի է գտնել Մատրիտի Ալքազար պալատին ինչքերու 1666-ի ցանկին մէջ, թէեւ յստակ չէ, թէ անիկա ե՛րբ մաս կազմած է Սպանիոյ թագաւորական ընտանիքին հաւաքածոյին:

«Գեղանկարը իրագործուած է գեղանկարիչին սեփական արուեստանոցին մէջ: Անիկա ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ Լէոնարտոյի գործին, սակայն գործ մըն է, որուն Լէոնարտօ երբեք չէ միջամտած», կը բացատրէ ան:

«Անիկա արուեստի սիրահարներու եւ մասնագէտներու առիթ պիտի տայ բոլորովին նոր աչքերով հիանալու Մոնա Լիզայի վրայ», կ՛աւելցնէ ան:

ԼՈՅՍ ԱՇԽԱՐՀ ԳԱԼՈՎ…

Ֆալոմիր կ՛ենթադրէ, որ սեւ ներկի խաւը հաւանաբար աւելցուած է 18-րդ դարու կէսերուն: Այս յաւելումին պատճառը անյայտ է, որովհետեւ խորապատկերի բնանկարը մնացած է լաւ վիճակի մէջ, մինչ Լէոնարտոյի գեղանկարը ինքնին արդէն արժանացած էր բարձր գնահատանքի: Հաւանաբար սեւ ներկի խաւը աւելցուած էր, որպէսզի տարբերակը համարկուէր անոր կողքին ցուցադրուող այլ դիմանկարներու հետ, որոնք իրագործուած էին սեւ խորապատկերի վրայ:

Վերջին քանի մը ամիսներուն այս սեւ խաւը մաքրուած է տքնաջան աշխատանքով: Այս օրերուն Մատրիտի արուեստի գործերու պահպանումի արուեստանոցին մէջ կը մաքրուին սեւ ներկի վերջին հետքերը: Մաքրուած է նաեւ հետագային կիրարկուած ջնարակի խաւը` ամբողջ գեղանկարին մակերեսէն, մասնաւորաբար` Մոնա Լիզայի դէմքէն, պայծառացնելով զայն:

Կ՛ակնկալուի, որ ամբողջութեամբ պահպանուած տարբերակը փետրուարի կէսերուն սկսի ցուցադրուիլ Փրատօ թանգարանին մէջ: Աւելի ուշ անիկա փոխ պիտի տրուի Լուվրի թանգարանին, թէեւ անիկա քիչ մը ուշ մաս պիտի կազմէ «Լէոնարտոյի վերջին գլուխ գործոցը. Ս. Աննան» վերնագիրով ցուցահանդէսի մը, որ տեղի պիտի ունենայ թանգարանին մէջ, 29 մարտէն 25 յունիս:

Փրատոյի «Մոնա Լիզա»-ն Լուվրի մէջ պիտի ցուցադրուի այն պատկերասրահին մէջ, ուր կը ցուցադրուի Լէոնարտոյի «Մոնա Լիզա»-ն, ինչ որ առիթ պիտի տայ այցելուներուն բաղդատելու երկու գործերը: Այսպէս, 500 տարի ետք անգամ մը եւս պիտի միանան Լէոնարտոյի արուեստանոցէն դուրս եկած  «Մոնա Լիզա»-ի երկու տարբերակները:

«Կը նմանի նոյն արուեստանոցին մէջ գտնուելու եւ կողքի եռոտանիին դիմաց կանգնելու,- կ՛ըսէ Փրատօ թանգարանին փոխ տնօրէնը` Կապրիել Ֆինալտի:- Այժմ արդէն կարելի է երեւակայել, թէ Մոնա Լիզա ճիշդ ի՛նչ երեւոյթ ունէր 16-րդ դարուն»:

(Համադրաբար)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES