ԼԻԹԱՆԻԷՆ ՀԱՐԱՒ ԳՏՆՈՒՈՂ ԱՊՕՐԻՆԻ ԶԷՆՔԻՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ` ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ

«Տէյլի Թելեկրաֆ»-ի կայքէջը

Թէեւ հիւսիսային Լիբանանի ճակատը բռնկեցնելու մասին վերջերս շրջան կ՛ընեն լուրեր ու մեկնաբանութիւններ, բայց եւ այնպէս Լիբանանի պարագային, երբ պատերազմի մը հաւանականութեան մասին կը խօսուի, անկարելի է նկատի չունենալ բուն ճակատը` հարաւային Լիբանանը եւ անոր որեւէ ատեն բորբոքելու մտավախութիւնը:

«Լիբանանեան կեանք»-ի այսօրուան բաժինով կ՛անդրադառնանք հարաւային Լիբանանի ապահովութեան հսկող Միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Նիրաժ Սինկի կատարած յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ` «Տէյլի Թելեկրաֆ» բրիտանական օրաթերթին մէջ լոյս տեսած տեղեկագիրին:

Նիրաժ Սինկ

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի` միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Նիրաժ Սինկ «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ յանձնառու է սահմանային խաղաղութեան պահպանումին` յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան ունեցած է նոր հրամանատար մը` զօր. Փաուլօ Սերրա, որ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնած է առաւելագոյն նախանձախնդրութեամբ հսկելու հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին խաղաղութեան:

Սինկ դիտել տուաւ, որ հարաւի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գոյութենէն պէտք է օգտուին լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը եւ հասնին մնայուն զինադուլ մը հաստատելու ընտրանքին: Ան նշեց սակայն, որ իրենց կողմէ այդ լուծումին յանգելու համար ի գործ դրուած ջանքերուն կողքին, վերջնական այդ լուծումը կարելի չէ ապահովել առանց դիւանագիտական եւ քաղաքական ջանքերու:

ՖԻՆՒԼ-ի շրջուն ջոկատներ կը շրջին հարաւային Լիբանանի սահմաններուն մէջ:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը հարաւի մէջ ժամանակաւոր է: Մեր պարտականութիւնն է հարաւի մէջ գործադրել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն միջեւ կանգնիլ` դադրեցնելու համար բռնարարքներն ու ապահովական մագլցումները: Սակայն նկատի ունենալով հարաւի մէջ լիբանանեան բանակին տեղակայումը` ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը առիթ ունեցած է լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն միջեւ ամսական հերթականութեամբ հանդիպումներ կազմակերպել` նպատակ ունենալով սահմանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումը», ըսաւ Սինկ:

Անդրադառնալով Լիթանիի հարաւային շրջանին մէջ գտնուող ապօրինի զէնքին մասին շրջան ընող լուրերուն` Սինկ շեշտեց, որ դժբախտաբար այդ լուրերը ստոյգ են, աւելցնելով, որ տուեալ շրջանը ոչ օրինական զէնքերէն ու զինամթերքէն ապազինելու աշխատանքը վստահուած է լիբանանեան բանակին:

ՖԻՆՒԼ-ի ուժեր` հսկողութեան պահուն:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործուած յարձակումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սինկ շեշտեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ Լիբանանին համար այդ յարձակումները գործող կողմերուն ինքնութիւնը բացայայտելը դիւրին է, եւ շեշտեց, որ այդ միջադէպերուն առումով լիբանանեան իշխանութիւններն են, որ հետաքննութիւն կը կատարեն: «Նշենք, որ միայն լիբանանեան իշխանութիւնները իրաւունք ունին հրապարակելու այդ հետաքննութիւններուն արդիւնքները», ըսաւ ան:

Ծովային սահմանագծում կատարելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սինկ յայտնեց, թէ ՖԻՆԻՒԼ նման բան չի կրնար կատարել, որովհետեւ իրաւունք չունի: Ան շեշտեց, որ սահմանագծումը կը  կատարուի երկու երկիրներու պետութիւններուն միջեւ: Ան աւելցուց, որ թիւ 1701 բանաձեւին մէջ նման պարտականութիւն չէ նշուած, եւ ընդգծեց, որ 2000-ին, երբ իսրայէլացի զինուորները հեռացած են հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած շրջաններէն, իսրայէլեան բաժնի ծովային շրջանին մէջ սահման մը գծած են, սակայն լիբանանեան իշխանութիւնները չեն ճանչնար այդ սահմանը, եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ստանձնած պարտականութեան մէջ չ՛իյնար այդ սահմանին հսկողութիւնը:

«Հարաւային Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան թռիչքները ոչ միայն կը խախտեն թիւ 1701 բանաձեւը, այլեւ ոտնձգութիւններ կը նկատուին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ: Մենք այդ ոտձգութիւնները դատապարտելով չենք բաւարարուիր, այլ Իսրայէլի բողոք կը ներկայացնենք` պահանջելով այդ ոտնձգութիւններուն կասեցումը:

Միւս կողմէ, ըստ բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը, հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ բոլոր փաստերը ցոց կու տան, որ հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ պատերազմի պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են եւ օր մը անպայման հարաւային Լիբանանի ճակատին վրայ նոր բախումներ պիտի արձանագրուին եւ հսկայ պատերազմ մը պիտի բռնկի:

«Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթի լրագրող Քոն Քովլին այցելելէ ետք հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջանները,  պատրաստած է տեղեկագիր մը, որուն մէջ ան շեշտած է, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած լարուածութիւնը յստակօրէն կը դրսեւորուի, նկատի ունենալով, որ հոն գտնուող թշնամիները մնայուն կերպով իրենց զինուորական մկանները ցուցադրելու ընթացքին մէջ են:

Քովլինի կարծիքով, Միջին Արեւելքի մէջ յաջորդ պատերազմին Իսրայէլ պիտի սպառէ Հըզպալլան:

Հարաւային Լիբանան - Իսրայէլ սահմանամերձ շրջաններ: Ձախին` հիւսիսային Իսրայէլ, աջին` Լիբանան:

«Անշուշտ միջինարեւելեան այս պատերազմին առաջնակարգ դիրքերը պիտի ըլլան հարաւային Լիբանանի սահմանները` նկատի ունենալով Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ հետզհետէ խորացող տագնապը: Այս եղանակին Հերմոն լերան ձիւնածածկ գագաթներուն ներքեւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի` պատրաստուելու համար պատերազմի մը, որուն հիմնական նպատակն է փոխել Միջին Արեւելքի քարտէսը եւ կերտել Արդի Միջին Արեւելքը: Հրէական պետութեան պաշտպան իսրայէլեան ուժերը ճիգ չեն խնայեր պարտութեան մատնելու համար Հըզպալլան, որ մտադրած է քանդել Իսրայէլը», կ՛ըսէ Քովլին:

Ան նկատել կու տայ, որ Հըզպալլա իր կարգին, հարաւային Լիբանանի լեռներուն ստորոտը կը պատրաստուի դիմադրելու համար թշնամիին եւ այդ իսկ նպատակով ան կը շարունակէ հազարաւոր հրթիռներ ամբարել:

Նկատի ունենալով 2006-ին Լիբանանի դէմ սանձազերծուած իսրայէլեան պատերազմին արդիւնքները, Քովլին կը յայտնէ, թէ իսրայէլացիները քաջ գիտեն, թէ Հըզպալլայի մեծ վնասներ չկրցան հասցնել, մինչդեռ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ իր պաշտօնը կորսնցուց` այդ պատերազմին ընթացքին իսրայէլեան ուժերուն կրած պարտութեան իբրեւ հետեւանք:

Իր տեղակագիրին մէջ Քովլին դիտել կու տայ, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները որոշած են ոգի ի բռին պայքարիլ եւ այդ առաքելութիւնը աւարտել` վերջ տալու համար Իսրայէլը վտանգող մեծագոյն սպառնալիքին` Հըզպալլայի: Քովլին ընդգծեց, որ ինք այդ բացայայտումը կատարած է, Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջաններ իր կատարած այցելութեան ընթացքին:

«Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ խախուտ զինադուլը, որեւէ ատեն կարելի է ի չիք դարձնել, եթէ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատերազմ մը բռնկի», ըսաւ Քովլին` աւելցնելով, որ իրանեան հիւլէական կայանները հարուածելու իսրայէլեան մտադրութիւնները տակաւին առկայ են:

Իսկ Քովլինի համար ամէնէն համոզիչը կը նկատուի այն յայտարարութիւնը, թէ իսրայէլեան օդուժը կազմ ու պատրաստ է նոր ներխուժում մը կատարելու եւ պատերազմ մը բռնկեցնելու, բայց ան կը  սպասէ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքի հրահանգներուն:

Իսրայէլեան ուժեր կը հսկեն սահմանը։

«Հերցիլիոյ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, իսրայէլացի բարձրաստիճեան զինուորականներ շեշտեցին, որ այս տարուան ընթացքին Իսրայէլ պիտի հարուածէ Իրանը, իսկ եթէ Հըզպալլա որեւէ ձեւով միջամտէ` իսրայէլեան քաղաքները ռմբակոծելով, ապա իսրայէլեան ուժերը հարաւային Լիբանանը դժոխքի պիտի վերածեն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան բանակին տեղեկութիւններուն համաձայն, Հըզպալլայի մօտ կը գտնուի 40 հազար հրթիռներ, որոնցմէ շատեր հեռու հասողութեամբ հրթիռներ են, որոնք կրնան թիրախ դարձնել Թել Աւիւը», նշեց Քովլին:

Իսրայէլեան բանակէն իր քաղած տեղեկութիւնները բացայայտելով` Քովլին կը յայտնէ, որ իսրայէլեան ուժերը նկատած են, թէ Հըզպալլա զինուորական իր մարտավարութիւնները փոխած է: Իսրայէլեան հետեւակազօրի հրամանատարը նշած է, որ Հըզպալլայի մարտիկները նախապէս զինուորական տարազով կ՛ըլլային եւ դիւրաւ կարելի կ՛ըլլար ճանչնալ զանոնք, «սակայն ներկայիս անոնք սովորական հագուստներով կը ճակատին եւ ոչ` զինուորական տարազներով, հետեւաբար յաջորդ պատերազմը պիտի ըլլայ քաղաքայիններու դէմ մղուելիք պատերազմ», ըսաւ ան:

Ըստ Քովլինի, Հըզպալլայի հիմնական նպատակն է կարելի եղածին չափ վնասներ պատճառել իսրայէլեան բնակութեան համալիրներուն, իսկ իսրայէլացիները բացայայտօրէն կը հաստատեն, որ իրենց նպատակն է Հըզպալլայի զինուորական ենթակառոյցը քանդել, ընդունելով հանդերձ, որ 2006-ին իրենք ձախողած են այդ նպատակը իրագործելու մէջ: «Հետեւաբար իսրայէլեան բանակը մտադրած է բռնկելիք յաջորդ պատերազմը շարունակել, մինչեւ որ Հըզպալլայի զինուորական ուժը ամբողջութեամբ քանդուի: «Այս անգամ Իսրայէլ պատերազմը պիտի շարունակէ, մինչեւ որ Հըզպալլա ամբողջութեամբ ոչնչանայ: Մենք նախկին սխալը պիտի չգործենք եւ առիթ պիտի չտանք Հըզպալլայի դարձեալ փախուստ տալու», մէջբերեց Քովլին իսրայէլացի զօրավարի մը յայտարարութիւնները:

Քովլին իր յօդուածը կ՛եզրափակէ` շեշտելով, որ այս հանգրուանին, Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ որեւէ պատերազմ պիտի վերածուի Թել Աւիւի եւ իր արաբ բոլոր հարեւաններուն միջեւ ճակատումի:

 Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՍԱՖԻՐ» եւ «ՆԱՇՐԱ» ԿԱՅՔԷՋ

 

Share this Article
CATEGORIES