ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻ ԹԱՅՈՒԱՆ ԵՒ ԻՆՏՈՆԵԶԻԱ
Աւելի քան ժամ մը Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հանրիեթ Լեպանկ: Քննարկումի նիւթ դարձան ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումին դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, եւ յատկապէս` Ասիոյ մէջ միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ վիճակը:
Վեհափառը ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուց տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները` միաժամանակ շեշտելով ներկայ աշխարհի հրամայականներուն դիմաց միջեկեղեցական շարժումին նոր արտայայտութիւն ու արեւելում տալու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ վեհափառը յատուկ կերպով անդրադարձաւ միջկրօնական երկխօսութեան` նկատի ունենալով Ասիոյ մէջ իսլամ, պուտտայական եւ հինտու կրօններու տիրական ներկայութիւնը: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Յայտնենք, որ շուրջ երկու տարիներ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը անդամ դարձած էր վերոյիշեալ խորհուրդին եւ անոր Գործադիր վարչութեան մէջ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան:
Հանդիպման աւարտին դոկտ. Լեպանկ խորհուրդին անունով երկու հրաւէր փոխանցեց վեհափառին. առաջինը` Թայուանի մէջ տեղի ունենալիք միջեկեղեցական համագումարին, իսկ երկրորդը` Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունենալիք միջկրօնական համագումարին, երկու պարագային ալ իբրեւ գլխաւոր դասախօս մասնակցելու համար:


