ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՄԷՋ

Արամ Ա. կաթողիկոս կը ստուգէ Թանգարանի շինարարութեան աշխատանքները

Ուրբաթ, 10 փետրուար 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»-ը, որպէսզի աւելի մօտէն հետեւի «Թռչնոց Բոյն»-ի թանգարանի շինարարական աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ «Թռչնոց Բոյն»-ի խնամակալութեան ու տնօրէնութեան առաջարկով եւ վեհափառին օրհնութեամբ, «Թռչնոց Բոյն»-ի ամէնէն հին շէնքը` շուրջ 100 տարուան հնութիւն ունեցող, թանգարանի պիտի վերածուի: Թանգարանին մէջ պիտի զետեղուին «Թռչնոց Բոյն»-ի հիմնադիրներուն ու որբերուն կապուած առարկաներ: Վեհափառը գնահատեց այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ այն ազնիւ հայորդիները, որոնք իրենց նիւթական օժանդակութեամբ կը նպաստեն այս կարեւոր ծրագիրի իրագործումին:

Այս առիթով «Թռչնոց Բոյն»-ի խնամակալութիւնը կոչ կ՛ուղղէ մեր բարերարներուն, որպէսզի իրենց նիւթական օժանդակութեամբ աւելի արագացնեն թանգարանի շինարարութեան ու դասաւորման աշխատանքները: Թանգարանին մէջ յատուկ ցուցատախտակի վրայ պիտի արձանագրուին բոլոր բարերարներուն անունները: Բոլոր այն հայորդիներէն, որոնք «Թռչնոց Բոյն»-ի առնչուած կարեւոր առարկաներ ունին (լուսանկար, փաստաթուղթ, նամակ, եւ այլն.), կը խնդրուի, որ փոխանցեն տնօրէնութեան, որպէսզի զետեղուին թանգարանին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES