ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՇԽՈՒԺ ԿԵՐՊՈՎ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻՆ ՄԷՋ ԻՐ ԶՕՐՔԵՐԸ Կ՛ԱՒԵԼՑՆԷ

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ, վկայակոչելով լաւատեղեակ զինուորական աղբիւրներ, կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու մարտական եւ ռազմափոխադրական օդուժի դէպի Արաբական ծոց թռիչքներու քանակը զգալի կերպով աճած է:

Ըստ իսրայէլեան մամուլին, ամերիկեան պատերազմական օդանաւերը կը թռչին Սինայի թերակղզիի, ապա Սէուտական Արաբիոյ օդային տարածքով դէպի Արաբական ծոց: Ուաշինկթըն եւ անոր դաշնակիցները սկսած են սպառազինութեան եւ զօրքերու տեղափոխումը դէպի Ծոցի շրջան` մասնաւորաբար զանոնք տեղակայելով Օմանի պատկանող Մասիրա կղզիին մէջ, ուր արդէն ամերիկեան յենակէտ մը կը գործէ: Նշեալ կղզին կը գտնուի Հորմուզի նեղուցին հարաւ-արեւելքը:

Ներկայիս շրջանին մէջ օդուժի, ծովուժի եւ ցամաքային ուժերու շարք մը մեծ ամերիկեան ռազմակայաններ կան: Իսկ վերջերս Իսրայէլ ժամանած է ամերիկեան 10 հազարնոց զօրախումբ մը, ըստ պաշտօնական վարկածին, հակահրթիռային նոր համակարգին փորձարկման համար:

Ուաշինկթըն Քուէյթի իր ռազմակայանին մէջ ունի 15 հազար զինուորներ, իսկ Քաթարի Ուպէյտ կայանին մէջ կեդրոնացուած է ռազմավարական ռմբաձիգներու տորմիղ մը, ինչպէս նաեւ տարատեսակ պատերազմական օդանաւեր:

Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա եւս օդուժի, ծովուժի եւ յատուկ նշանակութեան ուժեր կը տեղափոխեն Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES