ՈՒԻԹՆԻ ՀԻՈՒՍԹԸՆԻ ՄԱՀԸ ԿԸ ՑՆՑԷ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ

Ուիթնի Հիուսթըն

Ամերիկացի տաղանդաւոր երգչուհի եւ ուժեղ ու գեղեցիկ ձայնի տէր Ուիթնի Հիուսթըն մահացաւ: Անոր անշունչ մարմինը գտնուեցաւ «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ: Անոր շրջապատը յայտնաբերեցին անոր մարմինը լոգարանին մէջ` դէմքը ջուրին տակ:

Ոստիկանութիւնը սենեակը քննեցին նախքան 48- ամեայ Հիուսթընի մարմինին պանդոկէն դիազննողին գրասենեակը փոխադրուիլը, ուր յառաջիկայ երկու օրերուն դիազննութիւն տեղի պիտի ունենայ: Դիազննութիւնը վեցէն ութ շաբաթ պիտի տեւէ, եթէ անոր մարմինէն ոգելից ըմպելիի կամ թմրեցուցիչի հետքեր ի յայտ գան: Նշենք, որ երգչուհին գինեմոլութենէ եւ տարատեսակ թմրեցուցիչներու մոլութենէ կը տառապէր, եւ այդ մոլութիւնները նկատառելի կերպով վնասած էին անոր ձայնին գեղեցկութեան ու որակին:

Ուիթնի Հիուսթըն ծնած է 1963-ին` Նիւ Ճըրզի, ուր երգել սկսած է եկեղեցիներու, ապա` Նիւ Եորքի գիշերային վայրերուն մէջ: Անոր երգչուհիի բեղուն ասպարէզը ընթացք ստանալէ առաջ ան նաեւ աշխատած է իբրեւ բնորդ:

 

Share this Article
CATEGORIES