ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Հրշէջներ կը մարեն կէս գիշերային խռովութիւններուն պատճառած հրդեհ մը, մինչ ոստիկաններ կազմ ու պատրաստ կը հսկեն կացութեան

Մինչ Յունաստանի խորհրդարանը 130 միլիառ տոլար արժողութեամբ վարկեր ստանալու համար ժողովրդային բուռն ընդդիմութեան արժանացող տնտեսական սեղմումի քայլեր կը քննարկէր, ցուցարարներ ոստիկանութեան հետ ծանր բախումներ ունեցան:

Բախումներուն ընթացքին, որոնք մինչեւ «Ազդակ»-ի լոյս ընծայումը կը շարունակուէին, ցուցարարները հրավառ նիւթեր նետեցին, իսկ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ արձակելով հակազդեց:

Վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ խորհրդարանը պիտի որդեգրէ տնտեսական սեղմումի թղթածրարը: Կը նախատեսուէր, որ քուէարկութիւնը տեղի ունենար Պէյրութի ժամանակացոյցով երէկ կէս գիշերին:

Share this Article
CATEGORIES