ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ԶԻՆԵԱԼ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԴԱԴՐԵՑԱՆ` ՇՐՋԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒԵԼՈՎ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Անցեալ ուրբաթ երեկոյեան Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ բռնկած զինեալ բախումները շարունակուեցան մինչեւ շաբաթ երեկոյ` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ քաղաքայիններուն եւ լիբանանեան բանակին շարքերուն մէջ:
Այս առումով արձանագրուեցան երկու տարբեր մեկնաբանութիւններ, որոնցմէ մէկուն հիմամբ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Մուսթաքպալ հոսանքն ու ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ամբաստանեց այդ բախումները հրահրելու յանցանքով, իսկ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուները լիբանանեան բանակն ու անոր գաղտնի սպասարկութիւնը ամբաստանեցին նոյն յանցանքով:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի մտահոգութիւն յայտնեց այդ բախումներուն գծով եւ կոչ ուղղեց բանակին իր հակակշիռին տակ առնելու կացութիւնը:
Միւս կողմէ, Թրիփոլիի Տար Ֆաթուային մէջ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար ընդարձակ հանդիպումի մը հրաւիրեց եւ կոչ ուղղեց ապահովութիւնը խախտող կողմերը յանձնելու ապահովական կառոյցներուն եւ իշխանութիւններուն` պահպանել կարենալու համար կայունութիւնը:
Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի հարցերով զբաղող լիկաներուն ու յանձնախումբերուն հետ եւ անոնց հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` զօրակցելու համար շրջանին կայունութեան եւ ապահովութեան:
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռիֆաաթ Իտ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցն է, որ Պապ Թըպպանէն նման զինեալ բախումներու կը մղէ` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չհակադարձեն, այլ ապահովութեան պահպանումը պիտի վստահին լիբանանեան բանակին:
Իտ շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենի մէջ իրենք ամէն տեսակի զէնքի եւ հրթիռներու ռմբակոծումին կ՛ենթարկուին:
Այլ գետնի վրայ, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ Թրիփոլիի եւ անոր բնակչութեան դէմ յստակ դաւադրութիւն մը կայ, որ կը ծառայէ արտաքին նպատակներու:
Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի նախագահ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը զէնքի պահեստանոցներ չունի:

