ՊԸՐՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ՀՐԱՒԻՐԷ ՄԻՆՉԵՒ ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ՎԵՐՋ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք մինչեւ փետրուարի վերջ խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը պիտի հրաւիրէ:

Պըրրի շեշտեց, որ ինք այս հրաւէրով կը փափաքի լուծել կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը` վերջ տալու համար անոր դէմ արձակուող բարեկամ ռմբակոծումներուն:

Անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան` Պըրրի յոյս յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Սուրիա կատարած այցելութենէն ետք, Դամասկոսի իշխանութիւնները երկրին տագնապին առումով որոշ յայտարարութիւն կատարեն:

Խորհրդարանի նախագահը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ նկատմամբ կարգ մը արաբական երկիրներուն վարուելակերպը` Սուրիոյ հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES