«ՊԷՏՔ Է ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԱՆԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶՍՊԵԼ ԵՒ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Նախագահ Սլէյման` Թրիփոլիի քաղաքացիական ծառայութիւններու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ պէտք է երկրին մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումներուն հետ վարուիլ կատարեալ խստութեամբ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրական դարձած քաղաքական լարուած ճառերը եւ երկրին սահմանադրութեան ու Թաէֆի համաձայնագիրին հիման վրայ պատասխանատուութիւնները չստանձնելը առիթ կու տան, որ Լիբանանի ապահովական խախտումները սաստկանան եւ երկրին քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական կայունութիւնը խախտի:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Թրիփոլիի քաղաքացիական ծառայութեան կազմակերպութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան ընդգծեց հաւասարակշռուած բարգաւաճման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ բարգաւաճման ծրագիրները քաջալերական են: Ան նշեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է շարունակել ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերը:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի եւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի հետ` քննարկելու համար Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող ապահովական իրադարձութիւններուն մանրամասնութիւնները:

