ՄԻՔԱԹԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆ
Աւարտելէ ետք Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ:
Վարչապետ Միքաթի լրագրողներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի բազմաթիւ պաշտօնատարներու հետ իր հանդիպումը բացառիկ եղած է` աւելցնելով, որ լիբանանեան կացութեան եւ կեցուածքներուն նկատմամբ կատարեալ զօրակցութիւն ցուցաբերուած է:
Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ իրեն համար անհրաժեշտութիւն է Լիբանանի կայունութեան եւ ազգային միասնականութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը բոլոր հարցերէն հեռու պահելու կարեւորութիւնը:
Միքաթի շեշտեց, որ ինք քննարկած է նաեւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրները եւ արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք դատապարտած է հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ֆրանսական ուժերուն դէմ գործուած ահաբեկչական արարքները` աւելցնելով որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի հետ քննարկած է այդ հարցը` միաժամանակ նշելով, որ յառաջիկայ երեք շաբաթներուն ընթացքին Փարիզ պիտի տայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական զօրամասի թիւին նուազեցման վերաբերող որոշումը: Ան դիտել տուաւ սակայն, որ այդ որոշումը քաղաքական չէ, այլ` կապուած է նիւթական սեղմում կատարելու հետ:
Վարչապետը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ կառավարութեան տագնապին լուծումը` շեշտելով, որ քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է գիտակցին, թէ կառավարութիւնը բախումներու կեդրոն չէ:
Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս փոխադրածախսերուն վերաբերող կառավարութեան տուած որոշումը ստորագրէ:
Վարչապետ Միքաթի Ֆրանսայի մէջ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որուն բարի ապաքինում մաղթեց, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ:


