ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ
Այս օրերուն աշխատանքային այցելութեամբ Իտալիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հետ:
Նախարար Յակոբեան այս առիթով Իտալիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Կարապետեանի եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու համահայկական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի հետ այցելեց Հռոմի Լեւոնեան վարժարանը, ուր ի պատիւ սփիւռքի նախարարին հիւրին` վարժարանի տեսչութիւնը «սիրոյ սեղան» պատրաստած էր: Այդ հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ եւ վարժարանի ուսանողներ: Վարժարանի տնօրէն Հ. Գէորգ Ծ. վրդ. Նորատունկեան եւ Մոնրէալէն Հռոմ ժամանած Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան ողջոյնի խօսք ուղղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին:
Իտալիոյ մէջ նախարար Յակոբեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ քաղաքական եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ եւ ներկայ գտնուեցաւ շարք մը ձեռնարկներու:
Ուրբաթ երեկոյեան նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ջանքերով կազմակերպուած համերգին, որ տեղի ունեցաւ Թրիեսթի` Թարթինիի անուան երաժշտանոցի մեծ սրահին մէջ: Համերգին ելոյթ ունեցան հայազգի դաշնակահար Անի Մարտիրոսեան եւ «Ծաղկազարդ» երգչախումբը: Շաբաթ օր նախարարը մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած միջազգային դասախօսական հանդիպման:
Ըստ Հայաստանի սփիւռքի նախարարին, Հայաստանէն Իտալիա մեկնած են նաեւ շարք մը գործարարներ, որոնք պիտի հանդիպին Թրիեսթի գործարարներու հետ եւ պիտի փորձեն միացեալ ծրագիրներ մշակել: