ՊԱՂԸՇ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՄԱՆ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄԻ` ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ ԱՆՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Էկեմեն Պաղըշ

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար, Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ «Եուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ պէտք ըլլայ, դարձեալ պիտի կրկնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Ցիւրիխի իր խօսքերը:

Նախարարը նշած է, որ Եւրոպական Միութեան կարեւորագոյն սկզբունքներէն մէկը կարծիքի արտայայտման ազատութիւնն է: Ըստ անոր, այն իրողութիւնը, որ կառոյցի անդամ որոշ երկիրներ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակող օրէնքներ կ՛որդեգրեն, տրամաբանութեան բացակայութեան մասին կը վկայէ, իսկ ատիկա կը հակասէ եւրոպական սահմանադրութեան ու Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան, ուստի Պաղըշ քիչ հաւանական կը նկատէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ այդ քայլը տարածում գտնէ:

«Ցիւրիխի մէջ արդէն ըսած եմ, այստեղ կ՛ըսեմ եւ պիտի յայտարարեմ նաեւ այլ վայրերու մէջ, որ մեր ունեցած տեղեկութիւններով, ըստ մեր արխիւներուն, 1915-ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն կոչելուն մէջ տրամաբանութիւն չկայ:

«Կոչով կը դիմենք Հայաստանին եւ երրորդ երկիրներուն` բանալու իրենց արխիւները: Եկէք ստեղծենք անկախ յանձնախումբ մը, որուն մաս պիտի կազմեն հայ, ռուս, թուրք, եւրոպացի ու ամերիկացի պատմաբաններ, որպէսզի կարենանք վերլուծել, թէ 1915-ի թուականին ի՛նչ տեղի ունեցած է, որմէ ետք կրնանք գնահատել իրավիճակը: Սակայն ասիկա դատավճիռ է` առանց հետաքննութեան ու դատի», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES