«ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅԼԵՒՍ Ո՛Չ ՀԱՄՈԶԵԼՈՒ, Ո՛Չ ԱԼ ԻՐ ԸՍԱԾԸ ԻԲՐԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂ ՀԱՍՑՆԵԼՈՒ ՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Վահան Յովհաննիսեան

Անդրադառնալով անցեալ շաբաթ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած կրկնակի քուէարկութիւններուն` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնեց, որ ատիկա առաջին պարագան չէ եւ աւելի «արտառոց վայրագութիւններ» ալ տեղի ունեցած են:

Ան նշեց, որ ատիկա կը նշանակէ, որ իշխող քաղաքական ուժը իրականութեան մէջ ուժ չէ, որովհետեւ ո՛չ համոզելու, ո՛չ ալ իր ըսածը իբրեւ ճշմարտութիւն տեղ հասցնելու ունակութիւն այլեւս ունի: Ան աւելցուց, որ այդ ուժը նոյնիսկ սեփական խմբակցութեան քուէարկութիւնը չի կրնար կազմակերպել:

Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ ասոր աւելի վառ օրինակը եղաւ այն ժամանակ, երբ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեց նիստը եւ պարզուեցաւ, որ բացարձակ մեծամասնութիւն ունեցող Հանրապետական կուսակցութիւնը չի կրնար օրէնք անցընել:

«Եթէ Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ անոր ղեկավարները նոյնիսկ օրէնք մը անցընելու հարցը աւելի բարձր կը գնահատեն, քան պետութեան պատկերը, Ազգային ժողովի արժանապատուութիւնը եւ իրենց սեփական արժանապատուութիւնը, եթէ այս պարագային նպատակին հասնելու համար որեւէ միջոցի կը դիմեն, ուրեմն միշտ ալ պիտի դիմեն», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան:

Դաշնակցական գործիչը նշեց, որ այս երեւոյթը նոր չէ, բայց փորձել յաղթահարել սեփական անզօրութիւնը` տասը մարդու փոխարէն կոճակ սեղմելով, կը բնութագրէ ոչ միայն սեղմողները, այլեւ ամբողջ քաղաքական համակարգին մասին կը խօսի: «Եթէ դուն նպատակիդ հասնելու համար կրնաս թքել եւ շրջանցել օրէնքը, ես ինչո՞ւ պէտք է հաւատամ, որ արդար ընտրութիւն պիտի կազմակերպես», հարց տուաւ Վահան Յովհաննիսեան:

 

Share this Article
CATEGORIES