Հրազդանի քաղաքապետ Արամ Դաիէլեան 1600 ձայնի առաւելութեամբ վերընտրուեցաւ
Երէկ Հայաստանի Հրազդան քաղաքին մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցեցաւ 25 հազար 395 հոգի` քուէարկողներուն շուրջ 57 առ հարիւրը: Հրազդան քաղաքին մէջ, ըստ ընտրացուցակներուն, քուէարկողներուն թիւը 43 հազար 874 հոգի է:
Հրազդանի մէջ քաղաքապետի պաշտօնին համար կը պայքարէին գործող քաղաքապետ, Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Արամ Դանիէլեան եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի անդամ Սասուն Միքայէլեան:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին բազմաթիւ քուէարկողներ դժգոհեցան ընտրացուցակներու անճշդութիւններէն:
Ընդդիմադիր թեկնածու Սասուն Միքայէլեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին գնահատելով ընտրութիւններուն ընթացքը յայտարարեց, որ հակառակորդ խմբաւորումին ներկայացուցիչները ընտրողներուն դրամ կը բաժնեն:
Երէկ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Արագածոտնի Արարատի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Կոտայքի, Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերու շարք մը շրջաններու մէջ: