ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ». ԳԵՐՄԱՆԻԱ – ԱՐԺԱՆԹԻՆ` 1-4
Թենիսի «Տէյվիս Քափ»ի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ իր կատարած երրորդ ճակատումին, նախորդ շաբաթավերջին Արժանթին 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Գերմանիոյ, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան իր կազմին ապահովեց երկու յաղթանակ:
Առաջինին ան 2-6, 6-0, 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց Ֆլորիան Մայըրի:
Ան իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց զոյգի մրցումներուն, երբ իր խմբակիցին` Էտուարտօ Շվանքի հետ 3-6, 4-6, 6-4, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով բաւական հետաքրքրական ճակատումէ մը ետք յաղթեց Թոմի Հաաս – Ֆիլիփ Փեթյշնըր զոյգին:
CATEGORIES Մարզական


