ԳԱԳԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ` ՖԻՏԷ-Ի ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար եւ «Շախմատային Հայաստան» մարզաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գագիկ Յարութիւնեան ՖԻՏԷ-ի կողմէ նշանակուեցաւ Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի լրատուութեան յանձնախումբի նախագահ- ճատրակի լրատուամիջոցներու յատուկ ծրագիրի ղեկավար:

Նշենք, որ ներկայիս Յովհաննիսեան յանձնախումբի օգնական նախագահն է` ճատրակի սպանացի հանրածանօթ մեկնաբան Լէոնսիօ Կարսիայի հետ:

Այս առիթով «ԱԶԴԱԿ» կը շնորհաւորէ Գագիկ Յովհաննիսեանը իր այս նոր պաշտօնին ստանձնումին առիթով` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES