ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ` ԹՐԻԱԹԼՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹՐԻԱԹԼՈՆԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՆՇԵՑ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Զէյտ Խիամի յուշանուէր մը կը ստանայ Մարիսոլ Քասատոյէն

Ուրբաթ, 10 փետրուարին, «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Համրա) յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնը նշեց իր հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը:

Այս հանդիսութեան ներկայ էին` Թրիաթլոնի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Մարիսոլ Քասատօ, Թրիաթլոնի արաբական ֆետերասիոնի պատուիրակութիւնը, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի ներկայացուցիչը` Զէյտ Խիամի, Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, ֆետերասիոններու եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը` ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անդրադառնալը, նշենք, որ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին անդամ է Վահան Համամճեան:

Յուշանուէրներու փոխանակում` Մահմուտ Տիպի եւ Մարիսոլ Քասատոյի միջեւ (ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ)

Ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքը փոխանցեց լրագրող Հասսան Մուհիէտտին, որ անդրադարձաւ ֆետերասիոնին այս մէկ տարուան գործունէութեան եւ տարուող աշխատանքներուն:

Ապա յաջորդաբար, խօսք առին Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ գնդ. Մահմուտ Տիպ, Թրիաթլոնի արաբական ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Նասեր եւ Մարիսոլ Քասատօ:

Անոնց խօսքերէն ետք ցուցադրուեցաւ յատուկ վիտէօ երիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցաւ ֆետերասիոնին մէկ տարուան գործունէութիւնը: Նշենք, որ Թրիաթլոնը կ՛ընդգրկէ երեք տեսակի մարզաձեւեր. հեծելարշաւ, լողարշաւ եւ վազք:

Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Նշենք, որ Մարիսոլ Քասատօ երէկ աւարտեց Լիբանան կատարած իր եռօրեայ այցելութիւնը, երբ այցելեց նախարար Քարամէի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղին (Հազմիէ):

 

Share this Article
CATEGORIES