ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ՊԸՐԺ ԱՅՆԹՈՒՐԱ` 69-62

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, երէկ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պըրժ Այնթուրա մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ 69-62 արդիւնքով, ի նպաստ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 21-15, 7-14, 15-16 եւ 26-17:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը արձանագրեց Քրիսթին Մուֆարրեժ (16 կէտ), ապա յաջորդաբար Նաթալի Սվաճեան (15 կէտ) եւ Սանտրա Նաժըմ (14 կէտ):

ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 18 փետրուարին` հիւրը ըլլալով Մութթահետի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:00-ին:

Share this Article
CATEGORIES