ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴՈՑ ՄՕՏ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԺԱՄԵՐ ՔՆԱՆԱԼՈՒ ԵՐԵՒՈՅԹԸ ՄԱՍԱՄԲ ՄԸ ԿԸ ՎԵՐԱԳՐՈՒԻ ԾԻՆԵՐՈՒՆ…

Յունուարի սկիզբը Եւրոպայի տարածքին աւելի քան տասը հազար հոգիի վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ անոնք, որոնք կը կրեն Էյ. Պի. Սի. Սի. 9 կոչուած յատուկ ծինը, շատ աւելի  երկար կը քնանան անոնցմէ, որոնց մօտ կը բացակայի այդ ծինը:

Նշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտները գտած են, թէ իւրաքանչիւր հինգ եւրոպացիէն մէկը կը կրէ յաւելեալ քունի պահանջ զգացնող այդ յատուկ ծինը:

Մասնագէտները ուսումնասիրութեան ընթացքին նկատի առնուած տասը հազար հոգիին ամբողջացնել տուած են հարցաթերթիկներ, որոնց մէջ մանրամասնօրէն արձանագրուած են օրական անոնց քնացած ժամերը (աշխատանքի ու արձակուրդի օրերուն), ինչպէս նաեւ քունի հետ առնչուած այլ մանրամասնութիւններ:

Նշեալ մարդոցմէ վերցուած են նաեւ արեան նմուշներ, որոնք օգտագործուած են ծիներու ուսումնասիրութեան մէջ:

Ուսումնասիրութեան մասնակցողները ընդհանրապէս եղած են Գերմանիայէն, Էսթոնիայէն ու Իտալիայէն, ինչպէս նաեւ` Հոլանտայէն, Պելճիքայէն ու Խրուաթիայէն:

Ծանօթ է արդէն, որ քունի պահանջը կրնայ ուշագրաւ կերպով տարբերիլ մարդոց միջեւ:

Երբ մասնագէտները տուեալ մարդոց ծիներուն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները բաղդատած են անոնց քնացած ժամերուն հետ, գտած են, թէ անոնք, որոնք իրենց ծիներուն մէջ կրած են, Էյ. Պի. Սի. Սի. 9 կոչուած ծինը, օրական միջին հաշուով ութ ժամէն աւելի քնանալու պահանջք ունեցած են:

ՄԱՐԴԻԿ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄՕՏԱՒՈՐԱՊԷՍ
ՄԷԿ ԵՐՐՈՐԴԸ Կ՛ԱՆՑԸՆԵՆ ՔՆԱՆԱԼՈՎ

Մասնագէտները տարրալուծարանին մէջ ուսումնասիրած  են նաեւ պտղաճանճերուն ծիները եւ գտած են, թէ ա՛յն պտղաճանճերը, որոնց մարմինը պարունակած է Էյ. Պի. Սի. Սի. 9 կոչուած ծինը, մօտաւորապէս երեք ժամ աւելի քնացող եղած են իրենց ծիներուն մէջ այս ծինը չունեցողներէն:

Մասնագէտները նշած են, թէ Էյ. Պի. Սի. Սի. 9-ն առնչուած է նաեւ բջիջներուն ուժանիւթին տարողութեան եւ կապուած գործընթացներուն հետ:

Ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն` տոքթ. Ճիմ Ուիլսըն ըսած է, թէ մարդիկ իրենց կեանքին մօտաւորապէս մէկ երրորդը կ՛անցընեն քնանալով:

Տոքթ. Ուիլսըն նշած է, թէ մարդոց մօտ քունին պահանջը կրնայ ազդուիլ նաեւ տարիքէն ու առողջական վիճակէն, ինչպէս նաեւ` կլիմայէն ու տարուան եղանակներէն:

Տոքթ. Ուիլսըն հետաքրքրական գտած է նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած յայտնաբերումը եւ ըսած է, թէ անիկա կրնայ նպաստել անքնութենէ տառապող մարդոց վիճակին բարելաւման:

Այլ մասնագէտ մը` Նէյլ Սթենլի ըսած է, թէ մարդոց մօտ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս վեց ծիներ, որոնք առնչուած են քնանալու գործընթացին:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES