ԱՌԱՒԵԼ ԵՒՍ ԽՈՐԱՑՆԵԼԷ ԵՏՔ ՃԳՆԱԺԱՄԻ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԹՆՃՈՒԿԸ. «ԱՐԴԵՕՔ ՉԷ՞ ՀՆՉԱԾ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ ԺԱՄԸ» ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԼԵՒՈՆ ԶԵՔԻ ԵՏԱԼԵԱՆ
Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական թէ ապահովական տագնապալի վիճակը վստահաբար կը մտահոգէ հանրային կարծիքը եւ ի մասնաւորի` սուրիահայ ազգակիցներն ու համայն հայութիւնը:
Սուրիահայ տնտեսագէտներէն` Հայեւսուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ, Հալէպի եւ Սուրիական առեւտուրի գրասենեակներու միութեան անդամ Լեւոն Զեքի Ետալեան, որ նաեւ մասնակցած է (սուրիական) Ազգային երկխօսութեան համագումարին, մօտէն տեղեակ է դէպքերու ընթացքին, յատկապէս` տնտեսական վերիվայրումներուն:
Սուրիական այս ճգնաժամի օրերուն Ետալեան արաբերէն ակնարկով մը վերլուծած է տիրող յատկապէս տնտեսական իրավիճակը` որոշ հարցադրումներ առաջադրելով եւ կոչ ուղղելով սուրիական կառավարութեան` հրաժարելու:
Ստորեւ յօդուածին հիմնական մասերը` թարգմանաբար.
* * *
Ժամանակն է, որ դոկտ. Ատել Սաֆարի գլխաւորած սուրիական այժմու կառավարութիւնը հրաժարի ու «վար իջնէ իր ձիուն թամբէն» երկրին մէջ տիրող ճգնաժամը կառավարելու ընթացքին նոր տագնապ եւ ճգնաժամ ստեղծելէ ետք: Այս մէկը տեղի ունեցաւ, որովհետեւ այս կառավարութեան կազմը չկրցաւ կանխատեսել տագնապին յառաջիկայ զարգացումները, եւ անոր որդեգրած ընկերային թէ տնտեսական քաղաքականութիւնը սաստկացուց Սուրիոյ վրայ բանեցուած պատժամիջոցներուն եւ ճնշումներուն տարողութիւնը:
Սուրիական տնտեսական մարմինները յաճախ իրենց ցասումն ու զայրոյթը արտայայտեցին կառավարութեան որդեգրած ու կիրարկած ընդհանուր կառավարման նկատմամբ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի այս մարմիններու դիմադրականութեան ու գոյատեւման կարողութեան եւ քաղաքացիներու տարրական պէտքերու ապահովման ու հայթայթման: Յատկապէս ելեւմտական ու դրամական քաղաքականութեան գծով անոր տուած հապճեպ ու չսերտուած որոշումները պատճառ դարձան, որ սուրիական թղթոսկին 38 առ հարիւր համեմատութեամբ նահանջէ ամերիկեան տոլարին դիմաց: Նոյնպէս ալ սպառողական տարրական պէտքերու եւ ապրանքներու գիները աւելի քան 30 առ հարիւրի աճ արձանագրեց եւ, փոխադարձաբար, գործազրկութեան ու սղաճի համեմատութիւնը հասաւ խիստ բարձր տարողութեան:
Ճգնաժամային այս պահուն խիստ կարիքը կայ տագնապը թեթեւցնելու կոչուած թափանցիկ ու համախոհական այնպիսի որոշումներու, որոնք պիտի մեղմեն տագնապին սաստկութիւնը եւ երկիրը ողջ-առողջ դուրս բերեն անել վիճակէն: Այս գծով կայ իրաւացի տեսլականի ու խոհեմութեան ձայն մը, զոր կը լսեն ու կ՛ըմբռնեն միայն անոնք, որոնք լաւ կ՛ունկնդրեն զայն:
Այժմու կառավարութիւնը ոչ միայն չկրցաւ նպաստել ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական շինծու տագնապի լուծման, այլ պատճառ եղաւ ստեղծման այնպիսի հարցերու ու տագնապներու, որոնք բարդացուցին կացութիւնը: Փաստօրէն անոր որդեգրած միջոցառումները յառաջացուցին այնպիսի փոթորիկ մը, որ նաւերը տարաւ չակնկալուած եւ ոչ փափաքելի ուղղութեամբ:
Քաղաքականութենէն բացի, այս կառավարութիւնը տնտեսական, ելեւմտական, առեւտրական ու նիւթական մակարդակներու, յատկապէս` շուկայական ու սպառողական իմաստով, գործեց բազմաթիւ սխալներ, որոնք խոր ճեղք մը յառաջացուցին կառավարութեան եւ քաղաքացիին միջեւ` վերջինիս մօտ յառաջացնելով բարոյական ու հոգեկան յուսալքում: Իսկ բողոքի շարժումները, իրենց խափանարարական քայլերով, առաւել եւս կը սեղմեն ու կ՛արգելակեն փրկութեան յոյսի նշոյլները` խորապէս ճնշելով քաղաքացիի օրապահիկին վրայ:
Սկսինք, օրինակ, կարգ մը նիւթերու ներածման առկախումի որոշումէն, որ թէեւ կը մեկնի պետական գանձարկղին մէջ օտար դրամանիշներու պահեստի պահպանման նախանձախնդրութենէն, այսուհանդերձ, այդ քայլը առնուեցաւ սխալ ատեն:
Ճիշդ է, որ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Մոհամետ Նիտալ Շաար ազատական մտածող է, եւ սկիզբէն իսկ դէմ էր նման որոշումի, սակայն ան պաշտպանեց այդ քայլը` զայն որակելով «գերիշխան» որոշում, առանց համոզուած ըլլալու անոր արդիւնաւէտութեան: Ան յայտնեց, որ կարելի է յետս կոչել այդ որոշումը` անոր կիրարկման ձախողութեան պարագային, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա փորձառական որոշում մըն է, որ կը տրուի այնպիսի զգայուն պահու մը, որ չի հանդուրժեր փորձառական քայլեր: Անհրաժեշտ էր, որ կառավարութիւնը յետս կոչէր այդ որոշումը, որ սակայն խախտած էր ազգային դրամանիշին հաւասարակշռութիւնը տոլարին դիմաց` խելայեղ ու խիստ բարձր աճ արձանագրելով սպառողական նիւթերուն վրայ:
Նմանապէս, դրամական մակարդակի վրայ կառավարութեան կիրարկած միջոցառումները ունեցան «կրակին վրայ իւղ թափելու» հետեւանքները, յատկապէս` ազգային դրամանիշին վրայ, որ մեծապէս արժեզրկուեցաւ (ամերիկեան) տոլարին դիմաց, որ պաշտօնապէս փոխանակուեցաւ 58 (սուրիական) թղթոսկիով, իսկ սեւ շուկայի մէջ` 73-ով: Այս մասին կան մէկէ աւելի փաստացի տուեալներ, որոնք կը քողազերծեն Կեդրոնական դրամատան սխալները, որոնց «մուրհակները» կը բեռցուին քաղաքացիի ուսերուն:
Անհրաժեշտ կը նկատենք հարց տալ այս կառավարութեան.-
– Իբրեւ կառավարութիւն` ի՞նչ կ՛ուզէք քաղաքացիէն եւ ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ ան ըմբռնէ ու «հասկնայ» կազի եւ վառելանիւթերու սակի բարձրացումը, այնպիսի պահու մը, երբ ան աւելի քան երբեք կարիքը կը զգայ գիներու նուազեցման` պատշաճեցնելու համար զանոնք իր օրապահիկին, որ հետզհետէ կը նահանջէ` սղաճի ու աշխատանքի առիթներու նուազեցման պատճառով:
– Ի՞նչ տարողութեամբ ցնցում կ՛ակնկալէք շուկայի մէջ` քարիւղի նախարարի այն յայտարարութենէն ետք, թէ կարգը եկած է մազութի գինի բարձրացման, ինչ որ իր ժխտական հետեւանքները կ՛ունենայ` փոխադրամիջոցներու, ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն վրայ…
– Ինչպէ՞ս բացատրել 2012-ի պիւտճէի վաւերացման վաղորդայնին իսկ նախարարներուն յղած վարչապետի այն նամակը, որով ան անհրաժեշտ կը նկատէր 25 առ հարիւր համեմատութեամբ նուազեցնել նախարարութեան ծախսերը:
– Ինչո՞ւ վարչապետը գէթ շաբաթական անգամ մը պատկերասփռման միջոցով չի բացատրեր հանրային կարծիքին` իր գլխաւորած կառավարութեան կիրարկած ուղեգիծն ու որոշումները: Հանրային կարծիքը եւ ի մասնաւորի քաղաքացին անհամբեր ու մտահոգ է իմանալու, թէ ի՛նչ կը սպասէ իրեն, որպէսզի ըստ այնմ պատրաստուի:
Չենք ուզեր երկարել հարցադրումներու շարքը: Մեր միակ նպատակն է` փոխանցել քաղաքացիին ապրած տառապանքը եւ պարզել տրուած որոշումներուն հետեւանքները` բանաձեւուած համապատասխան իրողական փաստարկումներով:
Կարճ խօսքով, ներեցէք, եթէ ըսենք, որ մեր կառավարութիւնը ոչ թէ տագնապի, այլ ընթացիկ աշխատանքներու յանձանձման կառավարութիւն է: Սակայն մենք այսօր տնտեսապէս ճոխ ու հանգիստ, բարեկեցիկ վիճակի մէջ չենք, որ ընդունինք ու հանդուրժենք նման կառավարութիւն մը, որ ձախողեցաւ կարդալու այժմու տագնապին, յատկապէս` տնտեսական, հեռանկարները եւ ըստ այնմ ձեռնարկելու լուծման բուժիչ քայլերու:
Նախապէս դիմեցինք ու պահանջեցինք տագնապի լուծման յատուկ յանձնախումբի մը կազմութիւնը, սակայն վերջերս կազմուած տնտեսական մարմինը չկրցաւ նոյնիսկ առարկայական ընթերցում մը փոխանցել տագնապի իրողութեան մասին: Միակ կատարածը ներկայացնել էր ազգային ճարտարարուեստն ու արտածումները քաջալերելու կոչուած յապաղած ու մակերեսային առաջարկներ, որոնք սակայն մնացին թուղթի վրայ: Այս մարմինը ատակ չէ այժմու տագնապը վարելու առարկայական ու համապարփակ հայեցողութեամբ:
Կ՛ակնկալէինք, որ վարչապետը մանրամասնօրէն լուսաբանէր, թէ ի՛նչ պէտք է ընել բարեկարգումի թէ ժամանակագրական իր ծրագիրին գծով, այնպէս` ինչպէս հանրապետութեան նախագահը ներկայացուց իր վերջին ճառին մէջ` թափանցելով ամենայետին մանրամասնութիւններուն` լուսաբանելու եւ հանգստացնելու համար մարդիկը զիրենք սպասող ապագային գծով, այս մասին կառավարութեան լռութեան ու անկարողութեան լոյսին տակ:
Ու վերջապէս, արդեօք ժամը չէ՞ հնչած, որ այս դահլիճին անդամները իրենց հրահրած տագնապներէն ետք, այլեւս իրենց տուները մեկնին հանգչելու համար:
Այո՛, ժամանակն է կազմելու ազգային ընդլայնուած կառավարութիւնը, հիմա՛ եւ ոչ թէ վաղը…
ԼԵՒՈՆ ԶԵՔԻ ԵՏԱԼԵԱՆ

