ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶՈ՞Հ Է, ԹԷ՞ ՆՊԱՏԱԿ

Օրէ օր յստակ կը դառնայ, որ ատենօք նպատակ հռչակուած ժողովրդավարութիւնը դարձած է զոհ. բռնատիրութեան եւ բռնատէրերուն դէմ բողոքելու, եւ ամբողջատիրական կարգերու ամբողջատէրերուն դէմ բողոքելու համար է, որ բռնկեցան ապստամբութիւններն ու յեղափոխութիւնները (ներողամիտ թող ըլլան յեղափոխութեան առաջնորդելու դեղատոմսեր պատրաստող դաւադիրները, ասո՛նք են պատճառները): Այս ապստամբութիւններէն եւ յեղափոխութիւններէն ոմանք յաջողեցան, ուրիշներ ձախողեցան, ոմանք հասան իրենց նպատակներուն, ուրիշներ` մէկ մասին միայն: Բայց բոլորն ալ հիմք դրին նոր, անկիւնադարձային մեծ հանգրուանի մը եւ սկիզբը հանդիսացան ուղեգիծի մը, որ ետդարձ չունի: Ետդարձ չունի, բայց կարելի է զայն աղաւաղել, բուն նպատակներէն շեղել, կամ, առնուազն, անոր երթը արգելակել, եւ նոյնիսկ` զայն շահագործել գաղութատիրական, յետադիմական, պահպանողական կամ աւանդապահ ուժերու նպատակներու իրականացման համար:

Թունուզի, ապա Եգիպտոսի ժողովուրդներու ապստամբութիւնը անակնկալի մատնեց այդ երկու երկիրներուն հետ առնչութիւն ունեցող ներքին թէ արտաքին բոլոր կողմերը: Նոյնիսկ բարեփոխում պահանջող հին ու աւանդական ուժերը, որոնցմէ ոմանք լճացած էին, իսկ ուրիշներ` գործունեայ, բոլորն ալ անակնկալի եկան: Այս անպատրաստուածութիւնը երեւան եկաւ, երբ անոնք ուշացած եւ դժուարութեամբ փորձեցին հասնիլ ու քայլ պահել արդէն փողոցներն ու հրապարակները գրաւած երիտասարդ ուժերու նախաձեռնող խմբակներուն հետ: Ասիկա չի նշանակեր, որ այդ ուժերը, աւելի ճիշդ` բարեփոխումի համար գործած հին ու աւանդական այն ուժերը, որոնք ո՛չ թուլամորթ դարձան, ո՛չ հանգստեան գացին, ո՛չ ալ իշխանաւորներուն եւ իշխանութիւններուն միացան, ոչ թէ անդեր մնացին, այլ ունեցան այնպիսի դերակատարութիւն, զոր կարելի չէ ուրանալ: Անոնք վառ պահեցին բողոքի բոցը, թէեւ տարիներ շարունակ սահմանափակ, ոչ ազդու եւ նոյնիսկ` ոչ զգալի ձեւով:

Թունուզի եւ Եգիպտոսի երիտասարդութեանց շարժումները յատկանշած անակնկալ եւ արագաշարժ դիմագիծը չկրկնուեցաւ Եմէնի, Լիպիոյ, Պահրէյնի, Օմանի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ մէջ բռնկած բողոքի ելոյթներուն պարագային: Պատճառը այն է, որ այս երկիրներուն իշխանութիւնները արդէն պատրաստուած էին նման կացութիւններ դիմագրաւելու: Վերջին շրջանին անոնք կրկնապատկած էին այդ շարժումները վիժեցնելու համար նախապատրաստուելու իրենց ճիգերը: Անոնց գլխաւոր, երբեմն միակ միջոցը եղած է չափազանցեալ ուժի գործածութիւնն ու բոլոր միջոցներով ճզմելու ընտրանքը, թէկուզ` արտաքին ուժի մը զօրակցութիւնը պահանջելու գնով. այդպէ՛ս պատահեցաւ Պահրէյնի մէջ:

Իւրաքանչիւր երկրի մէջ գուպարն ու կողմերու փորձերն ու մարտավարութիւնները տարբեր եւ իւրայատուկ էին: Բայց այն երկիրներուն մէջ, ուր իշխանութիւնը «դիմացաւ» բողոքի ալիքներուն, դէպքերուն ընթացքը մատնեց երկու հիմնական ուղղութիւններ: Առաջին` մագլցումը վայրագութեան, բռնարարքներուն, սպանութիւններուն, աւերին եւ ամէն տեսակի վնասներուն: Երկրորդ` արտաքին միջամտութեան աստիճանական աճ եւ ուռճացում, մինչեւ որ անիկա դարձաւ բազմաթիւ պարագաներու վճռորոշ ազդակը: Ասոր ամէնէն պերճախօս օրինակն ու ապացոյցը Լիպիան է, ուր վերջին խօսքը վերապահուեցաւ արեւմտեան միջամտութեան, յանձինս` ՕԹԱՆ-ի: (Ասիկա չի նշանակեր, որ պէտք է բացառել ժողովրդային ազդակի նշանակութիւնը, որ մեծ է, մանաւանդ` շարժումի սկզբնական հանգրուանին):

Այս նախատիպէն հեռու չէր Եմէնի մէջ պատահածը, թէեւ` Ծոցի Համագործակցութեան խորհուրդի միջամտութեամբ: Նաեւ յատկանշական է, որ հակառակ ցեղախմբային եւ քաղաքական բարդագոյն բաժանումներուն` այս երկրին երիտասարդական լայն շերտերը հիանալի կերպով յաջողեցան միակամ եւ նպատակասլաց ներկայութիւն պահել թէ՛ ցոյցի հրապարակներուն, թէ՛ ալ քաղաքական համայնապատկերին մէջ: Այս երեւոյթը այդ պառակտուած երկրի եւ ժողովուրդի ապագային համար միակ յուսալի եւ լուսաւոր տուեալն է, որ անպայմանօրէն վաղ թէ ուշ պիտի տայ սպասուած դրական արդիւնքները:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ պարագային, ապա այսօր ականատես կ՛ըլլանք եւ եկող օրերուն պիտի շարունակենք տեսնել յաւելեալ բարդութիւններ, ազդեցութիւններ, խաչաձեւումներ` քաղաքական, ապահովական, զինուորական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ, ըլլան անոնք տեղական, թէ շրջանային ու միջազգային տարողութիւններով: Այս ընթացքին պատճառներէն առաջինն է Սուրիոյ ներքին բեմին վրայ երկար ատենէ կուտակուած ու խեղդուած մնայուն լարուածութեան ամեհի ծաւալը: Իսկ միւս պատճառը Սուրիոյ շատ ազդեցիկ դերն է, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի շրջանին մէջ հակամարտութիւններուն, այսինքն` առաջին հերթին արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը, ապա, առաջինին բերմամբ, Սուրիոյ իշխանութիւններուն որդեգրած առանցքներուն, յարաբերութիւններուն եւ յանձնառութիւններուն հին ու նոր, շրջանային եւ միջազգային կապերէն բխող հակամարտութիւններուն:

Ան, որ կը հետեւի Եմէնի, բայց մանաւանդ Սուրիոյ մէջ կացութեան զարգացումներուն ու շրջադարձային հանգրուաններու յաջորդականութեան, անպայմանօրէն կ՛անդրադառնայ, որ բազմաթիւ ուժեր եւ պատճառներ փոխն ի փոխ կամ միաժամանակ կ՛աշխատին սարսափելի չափով խորացնել այն վիհը, որ իրարմէ կը բաժնէ այդ երկիրներու բողոքներու եւ ըմբոստութիւններու սկզբնական պատճառներն ու նպատակները, եւ այդ շարժումներու հիմակուան դիմագիծն ու ընթացքը: Ասիկա ճիշդ է մանաւանդ Սուրիոյ պարագային: Արդարեւ, Սուրիոյ իշխանութիւնները ժողովրդային շարժումին մէջ կը տեսնեն «արտաքին» ուժերու գործիք մը, որուն միակ նպատակն է հարուածել Դամասկոսի իշխանութիւններու արտաքին քաղաքականութիւնները, դաշինքները եւ պաղեստինեան թղթածրարին մէջ անձնատուութեան կոչերուն իր «ընդդիմութիւնը»: Ասկէ մեկնած` Դամասկոս բողոքի ելոյթներուն դիմաց որդեգրեց «ապահովական» պատասխանը, որ աստիճանաբար սաստկանալով` վերածուեցաւ «զինուորական» պատասխանի: Դամասկոս կռնակը դարձուց երկխօսութեան, անտեսեց անոր դերն ու նշանակութիւնը` կարծելով, թէ կրնայ «վճռական» ըլլալով` ճիշդ հունի մէջ դնել ընթացքը: Այս ծիրին մէջ Դամասկոս տուաւ բարեկարգչական խոստումներ, որոնց իրագործման համար հարկ է, որ Պաաս կուսակցութիւնը հրաշքով մը փոփոխութեան ենթարկուի. Պաաս իր կառոյցով, աւանդութիւններով, իշխանութեան համար ձեւած տարազով ու գործելաձեւով ցարդ պատրաստ չի թուիր այդ փոփոխութեան:

Ասոր զուգահեռ, դժուար չէ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ այդքան կասկածելի կը թուի Ծոցի եւ այլ արաբական երկիրներու նախաձեռնութիւնն ու զօրակցութիւնը` Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ շրջադարձ մը իրականացնելու ճիգերուն: Ծոցի երկիրները ի ծնէ եւ բնոյթէ տիպար բռնատիրութիւններէն են եւ անգերազանցելի յաջողութեամբ կրցած են իրենց բռնատիրութիւնները զուգորդել մէկ կողմէ ընկերային յետամնացութեան, եւ միւս կողմէ` արտաքին ուժերու ծնրադիր կամակատարութեան եւ պատանդի իրավիճակին: Իսկ Միացեալ Նահանգներ, հակառակ իրենց բոլոր պնդումներուն եւ կարգախօսներուն, բացայայտօրէն որդեգրած են միօրինակ քաղաքականութիւն. շահեր, որոնք պաշտպանուած են նաւատորմիղներով, ամրապնդուած` յարձակումներով, ներխուժումներով եւ բռնագրաւումներով, ամրագրուած` դաշինքներով բռնատիրական վարչակարգերու հետ, որոնք միշտ ալ ծառայած են ամերիկեան եւ սիոնական շահերուն, եւ միշտ ալ գործադրած են անոնց «ապահովական» բնոյթի դաւերը:

Բողոքներուն դէմ առաջին հերթին ուժի գործածութիւնը եւ բարեկարգչական պահանջներուն ընթացք տալու ուշացումը մեկնակէտն ու պատրուակը դարձան ընդդիմութեան ուժերէն ոմանց կողմէ վայրագութիւնը ընտրելու բարդ գործընթացի մը: Ընդդիմութեան այս ընտրանքը ոսկի առիթը դարձաւ արտաքին ուժերու, մանաւանդ` ամերիկեան դրդումով շարժող շրջանային ուժերու, որպէսզի միջամտեն եւ օրըստօրէ աւելի վտանգաւոր դարձող դերակատարութիւն ունենան: Այս դերակատարութեան համար գործի կը լծուին Ծոցի երկիրներու նիւթական առասպելական չափերու հասնող միջոցները, մանաւանդ` Սէուտական Արաբիոյ միջոցները: Նոյնպէս գործի կը լծուին միջազգային կառոյցները, ի մասնաւորի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, օրինականութեան շղարշով ծածկելու այդ արտաքին միջամտութեանց տարբեր երեսները, որոնցմէ ամէնէն վտանգաւորը անտարակոյս զինուորականն է:

Այլ հարթութեան մը վրայ, Թունուզի եւ մանաւանդ Եգիպտոսի մէջ ընտրութիւններուն արդիւնքները եկան պատրուակ ծառայելու ոմանց` զգուշացնելու համար բարեկարգումներու հետեւանքներէն: Այս մտավախութիւնները անհարկի են եւ անընդունելի` սկզբունքային պատճառներով: Անոնք անընդունելի են, մանաւանդ երբ կու գան այնպիսի ուժերէ, որոնք միայն յեղաշրջումով գիտեն իշխանութեան հասնիլ եւ զայն պահելու ձեւերէն սորված են միայն մենաշնորհեալի, արգիլելու եւ քաղաքացիներու տարրական քաղաքական իրաւունքները չէզոքացնելու ոճը:

Յամենայն դէպս կարելի չէ ակնկալել, որ այդ երկիրներուն մէջ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ իրականացնել անթերի ժողովրդավարական գործընթացներ: Ժողովրդավարական գործելաոճը աստիճանաբար պիտի ամրապնդուի, եւ կրնայ յառաջդիմել, միայն եթէ կողմերը կառչած մնան անոր, պայքարին եւ զոհաբերեն անոր համար: Պէտք չէ կարծել, թէ ժողովրդավարութեան կարգախօսը բարձրացուցած բոլոր ուժերը յանձնառու են անոր, մանաւանդ երբ կոչուած ըլլան ժողովրդավարական ձեւով գործածելու իշխանութիւնը եւ այդ ձեւով ընդունելու իշխանութեան փոխանցումը:

Վերոյիշեալներուն լոյսին տակ, արաբական աշխարհին մէջ վերջին շրջանին երեւան եկած պարագաներուն պէտք է նայիլ ոչ միայն անոնցմէ բխած ժողովրդավարութեան սարսափելիօրէն չնչին չափին անկիւնէն, այլ նաեւ պէտք է հաշուի առնել, թէ այս նոր կացութիւնները որքան պարարտ հող են այնպիսի հարցերու, որոնք յաւելեալ մահ, աւեր եւ արտաքին միջամտութիւններ պիտի պատճառեն: Միջամտութիւններ, որոնք կրնան ծառայել միայն յայտնի շահերու, ամերիկեան եւ սիոնական շահերու:

Ի տես բոլոր այս բարդութիւններուն, որոնց պատճառներուն եւ հետեւանքներուն միայն մէկ մասը կրցանք ներկայացնել, հարկաւոր կը դառնայ վերատեսութեան ենթարկել կեցուածքներ, դիրքորոշումներ, քաղաքականութիւններ եւ յարաբերութիւններ: Ասիկա առաջին հերթին պարտականութիւնն է հակամարտութեանց բեմ դարձած երկիրներու ներքին ուժերուն, ըլլան անոնք պետական թէ ժողովրդային, իշխանութեան համակիր, թէ ընդդիմադիր: Այս ներքին ուժերն են «երեխային մայրը» եւ անո՛նց ուսերուն կ՛իյնայ պատասխանատուութիւնը «արտաքին» կողմերէն խլելու, վերատիրանալու նախաձեռնութեան իրաւունքին, վերատիրանալու ներքին տագնապի «թելերուն», բռնել եւ տնօրինել զանոնք, որպէսզի վերջ դնեն դէպքերու գահավէժ ընթացքին եւ արտաքին ախորժակներուն: Այս պահուս ներքին տագնապի թելերուն մեծ մասը բռնած արտաքին ախորժակներու դաւերու առաջին հանգրուանը միշտ կը սնուցանէ ներքին հակամարտութիւնը, որպէսզի արաբական պետական գոյացութիւնը ներսէն կործանէ: Այդ արտաքին ախորժակները արդէն տասնամեակներ առաջ յաջողած էին դուրսէն բաժան բաժան ընել այդ պատմական գոյացութիւնները:

ՍԱԱՏԱԼԼԱ ՄԱԶՐԱԱՆԻ

«ԱԽՊԱՐ»

Share this Article
CATEGORIES