ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԼՌԵՑՈՒԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք ամերիկեան «Տի Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը, որ կը կրէ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի ստորագրութիւնը:
Յօդուածագիրը Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան (ՃՀՓ) նախագահն է: ՃՀՓ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնն է, ուստի, անոր ղեկավարին` «Ընդդիմութիւնը կը լռեցուի Թուրքիոյ մէջ» հաստատումը թէեւ կողմնակալ կրնայ ըլլալ, բայց եւ այնպէս վաւերական եւ իրազեկ առնչակիցի մը հաստատումը կրնայ սեպուիլ:
Բայց ամերիկացի եւ այլ ընթերցողներու մեծ մասը չի գիտեր, թէ ՃՀՓ-ն այն կուսակցութիւնն է, զոր հիմնած է Աթաթիւրք եւ օգտագործած` որպէս լծակ եւ քաղաքական կառոյց` իր բռնապետութեան: Հիմնադիրին մահէն ետք այդ կուսակցութիւնը ՄԻԱԿ կուսակցութիւնն էր երկրին մէջ: Միակուսակցական տասնամեակներ տեւած դրութենէն ետք, առաջին «ձեւական» կուսակցութիւններու ստեղծումէն ետք այդ կուսակցութեան շահած առաջին ընտրութիւնները աներեւակայելի եւ անհաւատալի զեղծարարութիւններու եւ խայտառակութիւններու առիթ հանդիսացան:
Այդ կուսակցութիւնը կազմած է Թուրքիան ղեկավարած կառավարութիւններուն մեծամասնութիւնը, եւ իր ձեռքն էր երկրին ղեկը «հանրապետութիւն» պատմութեան մեծ մասի ընթացքին: Յատկապէս անոր իշխանութեան օրով է, որ գործուած են այդ «հանրապետութիւն» թրքական խորքն ու էութիւնը բացայայտած արարքները. օրինակի համար` Զմիւռնիոյ աղէտը, Շէյխ Սայիտի ապստամբութեան ճնշումը, Տերսիմի ջարդը, փոքրամասնութիւններու հարստահարումը, Պոլսոյ փոկրոմը, Կիպրոս ներխուժումն ու շարք մը ուրիշներ:
Այս կուսակցութեան իշխանութեան օրերուն արձանագրուեցան իր ազգայնամոլութեան եւ բռնատիրութեան ամէնէն զազրելի արտայայտութիւնները:
Այս բոլորէն ետք մարդ կը շուարի` ծիծաղի՞, թէ՞ լայ, երբ այս կուսակցութեան ղեկավարը կը խօսի ժողովրդավարական եւ փոքրամասնական իրաւունքներուն, մարդկային իրաւանց, ընդդիմադիրներու հալածանքի եւ նման թեմաներու մասին: Ասիկա իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ յօդուածագիրը կ՛ըսէ, թէ «այսօրուան» Թուրքիոյ մէջ ինչպիսի՛ ոտնձգութիւններ կը գործուին այդ իրաւունքներուն դէմ:
Այնուհանդերձ, յօդուածը շահեկան կը մնայ այն իմաստով, որ անիկա լոյս կը սփռէ «այսօրուան» Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց վրայ:
Անկէ կարելի է հետեւցնել, որ թրքական կառավարութիւնը կազմող որեւէ ուժ կ՛որդեգրէ եւ կը կիրարկէ նոյն մօտեցումն ու քաղաքականութիւնը, թէկուզ` օրուան պայմաններուն պատշաճեցուած միջոցներով:
Ճ.
Ուաշինկթընի մէջ շատեր կը քննարկեն, թէ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ) արդեօք կրնա՞յ նախատիպար ըլլալ Արաբական գարնան, երբ մեր դրացիները Միջին Արեւելքի մէջ կը ձգտին թօթափել բռնապետական վարչակարգերը եւ դառնալ իրական ժողովրդավարութիւն: Բայց Թուրքիոյ մէջ իրականութիւնը կը պարզէ, որ ԱԲԿ-ի նախատիպարը չի տոկար քննութեան:
9 նոյեմբերին ես այցելեցի Սիլիվրիի բանտը, ուր հարիւրաւոր լրագրողներ, հրատարակիչներ, զինուորականներ, ակադեմականներ եւ քաղաքական գործիչներ արգելափակուած են: Դատավարութիւնները սկսած են 2007 թուականին` հիմնուելով այն ամբաստանութիւններուն վրայ, թէ ծայրայեղ ազգայնական ընդյատակեայ կազմակերպութիւն մը տարիներէ ի վեր ծրագրած, նիւթած էր կառավարութեան տապալումը, յեղաշրջումը: Ամբաստանեալներէն շատեր, առանց դատական հետապնդումի ենթարկուելու, տարիներէ ի վեր կալանաւորուած են: Ցարդ ոչ մէկ դատական վճիռ արձակուած է: Արդարութիւնը վտանգուած է եւ առ այժմ լպիրշ կերպով մերժուած է: Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան կողմէ գործի լծուած է օրէնքի գերակայութեան դէմ նենգ յարձակումը:
Այս դատավարութիւնները Թուրքիոյ համար կրնային առիթ հանդիսանալ, որպէսզի ան նուաճէ անցեալի սխալները սրբագրելու շատ անհրաժեշտ դարմանը, բայց ատոնք ընդդիմութիւնը լռեցնելու եւ ազատութիւնները ճնշելու գործիքներու վերածուեցան:
Արգելափակուածներուն շարքին են խորհրդարանական ընդդիմութեան հինգ անդամներ: Թուրքիոյ ընտրական գերագոյն խորհուրդը յայտարարեց, որ այս մարդիկը իրաւունք ունին ընտրութեան թեկնածու առաջադրուելու, եւ բոլորն ալ երեսփոխան ընտրուած են: Իսկ զանոնք բանտարկելը կ՛ոտնակոխէ թրքական օրէնքով անոնց իրաւունքները` իբրեւ ժողովուրդին ընտրած ներկայացուցիչներու:
Օրէնքի գերակայութեան համընդհանուր, համաշխարհային չափանիշը հետեւեալն է. անձ մը անմեղ է, մինչեւ որ յանցաւոր ըլլալը ապացուցուի: Այլ չափանիշ մը. փաստը կը յանգեցնէ կասկածեալին ձերբակալութեան: Այսօրուան Թուրքիոյ մէջ, սակայն, մարդոց հետ կը վարուին իբրեւ մեղաւորներ, մինչեւ որ անոնց անմեղութիւնը ապացուցուի:
Անձ մը կրնայ ձերբակալուիլ, ապա իշխանութիւնները կը սկսին ապացոյցներ հաւաքել` հաստատելու համար օրինազանցութիւն մը: Ենթադրեալ մեղքը չափանիշն է: Ցաւօք, կառավարութեան բոլոր ընդդիմադիրները կը դիտուին իբրեւ պետութեան դէմ հաւանական, թաքուն ահաբեկիչներ կամ դաւադիրներ:
ԱԲԿ-ն հետեւողական, համակարգուած եւ անխիղճ է իր քաղաքականութիւններուն որեւէ ընդդիմութեան հետապնդման մէջ: Մենատիրական ճնշումի միջոցները, ինչպէս` ծանր տուգանքները, եւ անօրինական գաղտնի նկարահանումներն ու հեռաձայնային զրոյցներու ձայնագրութիւնները լայնօրէն օգտագործուած են լռեցնելու համար հակառակորդներ, ընդդիմադիրներ:
Նոյնիսկ աւելի մտահոգիչ, խանգարող է ԱԲԿ-ի պնդումը, թէ այսպիսի բաներ կը կատարուին յանուն ժողովրդավարական յառաջընթացի:
Կառավարութեան վերջին թիրախը մեր ժողովրդավարութեան տարրական մնացորդացն է. Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը (ԺՀԿ), որ ես կը գլխաւորեմ:
Անցեալ նոյեմբերին, Սիլիվրի կեդրոն այցելութեան ատեն ես արգելափակեալներուն պայմանները նմանցուցի (նացիներու Ա.) համակեդրոնացման ճամբարներուն, եւ ըսի, թէ դատախազներն ու դատաւորները անարդար են եւ ուրեմն արժանի չեն կոչուելու` արդարութեան պահապաններ: Այս ամիս ես տեղեկացայ, որ դատախազութեան գրասենեակը իմ մեկնաբանութիւններուս գծով հետաքննութիւն սկսած է` պնդելով, թէ ես «կ՛ուզեմ ազդել արդար դատավարութեան մը վրայ» եւ «կը վիրաւորեմ հանրային պաշտօնատարներ»: Վնաս չունի, որ կառավարական պաշտօնատարներ, ինչպէս վարչապետը, ամէն օր մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն օրէնքի եւ արդարադատութեան հոլովոյթին շուրջը:
Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարը առանձնացնելը, թիրախ դարձնելը, յստակօրէն կ՛ուղղորդէ արտայայտութեան ազատութեան վրայ ճնշումները: Նոյն ատեն, Սահմանադրական դատարանը պատժեց մեր կուսակցութիւնը, երբ մենք գլխաւոր դատաւորէն խնդրեցինք ինքզինք զերծ կացուցել որոշ դատերէ: Մեր խնդրանքը հիմնուած էր սխալ, դաժան կամքի վրայ, եւ մենք անտեղի զբաղեցուցած, վատնած էինք դատարանին ժամանակը: Այս մասին մեզի ըսուեցաւ 3 հազար տոլարի տուգանքը գանձուած ատեն:
Եզրակացութիւն. այսօրուան Թուրքիոյ մէջ, երբ մէկը քննադատէ դատական համակարգը, այդ անձը կը հետապնդուի, կը դատուի: Երբ մէկը ատեան դիմէ, կը պատժուի:
Բայց ահաւասիկ, թէ ինչո՛ւ ես իմ բառերուս, խօսքերուս ետին կը կենամ. ես իրաւունք եւ պարտականութիւն ունիմ քննադատելու այն, ինչ որ սխալ է իմ երկրիս մէջ: Իմ անօտարելի իրաւունքս է մատնանշել անարդարութիւնները եւ պահանջել արդարութիւն: Եթէ դատարանները չեն կատարեր իրենց պարտականութիւնը, կարելի է, եւ պէ՛տք է կանգնիլ եւ ըսել ատիկա: Ես ներում չեմ հայցեր, իբրեւ խորհրդարանի անդամ` ես կ՛ուզեմ իմ անձեռնմխելիութենէս զրկուիլ` դատական հետապնդումի հոլովոյթի ենթարկուելու համար, որպէսզի ամէն ոք ականատես ըլլայ արդիւնքին: Իրաւացիութիւնը վերջնական, ծայրագոյն անձեռնմխելիութիւնն է:
Թուրքիա այսօր երկիր մըն է, ուր ժողովուրդը վախի մէջ կ՛ապրի եւ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային պառակտումներու ենթարկուած է:
Մեր ժողովրդավարութիւնը ետքայլ կ՛ընէ ուժերու տարանջատման, մարդկային տարրական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ ընկերային բարգաւաճման եւ արդարութեան առումով:
Քաղաքայինները խորապէս մտահոգ են իրենց ապագայով: Այս կէտերը, ցաւօք, արտացոլուած են ամէնէն մեծ միջազգային ցուցանիշներու մէջ, ինչպէս` Մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւնը, որ Թուրքիան բաւական ցած աստիճանի կը դասէ, մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան, ազատութիւններու եւ հաւասարութեան տեսանկիւնէն:
Մեր կուսակցութիւնը կողմնակից է ժողովրդավարութեան, աշխարհիկութեան, օրէնքի գերակայութեան, մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու:
Մենք կը պատկերացնենք յառաջադէմ Թուրքիա մը, ուր քաղաքայինները, անկախ իրենց հաւատքէն, ազգային կամ ցեղային պատկանելիութենէն եւ քաղաքական հայեացքներէն, օրէնքին առջեւ հաւասար են: Մարդոց միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային պատեր կառուցելը չի համապատասխաներ, ներդաշնակ չէ ժողովրդավարութեան կամ արդարութեան: Իրենք իրենց հետ խաղաղ եղող ժողովուրդներ միայն կրնան նախատիպար հանդիսանալ իրենց դրացիներուն: Տարբեր ձեւերու պառակտումներով եւ բեւեռացումով վարակուած երկիր մը ձախողութեան դատապարտուած է:
Ճնշումի, ահաբեկումի եւ ազատութիւններու սահմանափակման մարտավարութիւնները կրնան օգնել կառավարութեան` իշխանութեան միայն այդքան երկար պահելու: Պատմութեան մէջ երբեք չէ եղած կառավարութիւն մը, որ յաջողի մենատիրական միջոցներով մնայուն իշխել:
Ճնշումը չի գոյատեւեր, արդարութիւնը` այո: Թուրքիա բացառութիւն պիտի չըլլայ:
ՔԵՄԱԼ ՔԸԼԸՃՏԱՐՕՂԼՈՒ
«Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»


