ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԿԻՆԵՐ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ

Այտին Ալիեւ

Ազրպէյճանի մաքսային վարչութիւնը իր հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով հանդիսութիւն մը կազմակերպեց:

Հանդիսութեան ընթացքին վարչութեան նախագահ Այտին Ալիեւ յայտարարեց, թէ 1994-ին յանձնախումբը 3,5 միլիոն մանաթ փոխանցած է պետական գանձարկղ, իսկ 2000-ին գումարը բարձրացաւ 143,9 միլիոնի, իսկ 2011-ի յատկացումը մօտ 1,14 միլիառ մանաթի հասաւ:

«2007-2011 թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան պայքարի իբրեւ արդիւնք` վարչութեան պաշտօնեաները գրաւեցին աւելի քան 1,305 թոն թմրեցուցիչ: Դժբախտաբար վերջին տարիներուն բարձրացած է համեմատութիւնը կիներու եւ մանուկներու, որոնք կ՛օգտագործուին որպէս թմրեցուցիչ փոխադրող սուրհանդակ», յայտարարեց ան:

Ա. Ալիեւ աւելցուց, որ մաքսային վարչութիւնը ստորագրեց մաքսային գործակցութեան միջազգային համաձայնագիր մը, որպէսզի ընդարձակէ միջազգային յարաբերութիւնները եւ արագացնէ համարկումը 40 այլ երկիրներու հետ, իսկ ԱՊՀ-ի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները աշխուժ կերպով յառաջ մղուած են:

Share this Article
CATEGORIES