ԻՍՐԱՅԷԼ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ Է ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ` ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Միխայէլ Լաւոն-Լոթեմ յայտարարեց, որ Իսրայէլ գոհ է իր դեսպանատան եւ քաղաքացիներուն ապահովութեան աստիճանով:
Այս առնչութեամբ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի:
«Ապահովական եւ այլ ծիրերու մէջ մեր գործակցութիւնը յաջողութեամբ կը զարգանայ», ըսաւ դիւանագէտը:
Դեսպանը աւելցուց, որ փոխադարձ պաշտօնական այցելութիւններ կ՛ակնկալուին մօտ ատենէն: «Իսրայէլեան ֆինանսաւորումով առեւտրական նախաձեռնութիւն մը պիտի սկսի գործել մօտ օրէն Պաքուի մէջ»:
Ան աւելցուց, որ Ազրպէյճան կրնայ օգտակար դառնալ պաղեստինեւիսրայէլեան յարաբերութիւններուն եւ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդին մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը այս գծով արդէն ջանք կը թափէ:
Շարք մը համաձայնութիւններու ստորագրութիւնը կ՛ակնկալուի Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, 2012-ին:
Դեսպան Լոթեմ աւելցուց, որ Իսրայէլ մտադիր է ճարտարարուեստական մեծ գործարան մը բանալ Ազրպէյճանի մէջ: Ծրագիրը արդէն սկսած է, եւ գործարանը կէս տարիէն իր դռները կը բանայ:
«ՆԻՒԶ. ԱԶ»


