ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իրենք համոզուած են շինիչ երկխօսութեամբ եւ չեն հաւատար բռնարարքներու դիմելու միջոցին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու Միջազգային դատական ատեանին զօրակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառները:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց որդեգրելու ազգային չափաւորական երկխօսութեան ուղին, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ լիբանանեան բոլոր հատուածներուն միջեւ հաղորդակցութեան կամուրջներ սարքել:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ բարձրացող ձեռքը դաւադիր է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վերահաստատեց Արաբական լիկային մէջ Լիբանանի կեցուածքին իր դատապարտումը:

ԱՍՈՐԻ համադաշնակցութիւն կուսակցութեան նախագահ Իպրահիմ Մըրատ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան եւ սուրիական զարգացումները, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտ Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ բնակող քանատացի քաղաքացիներուն վերաբերող հարցեր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ Լիբանանը վերածուած է փոխադարձ համաձայնութիւններու երկրի եւ դադրած օրէնքի երկիր մը ըլլալէ:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած դէպքերն ու բախումները դիտմամբ կը կատարուին` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին պատգամ մը փոխանցելու նպատակով: Ան կոչ ուղղեց ամբողջ Լիբանանը ապազինելու` բացի հարաւային Լիբանանէն:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան մէջ կարենան նախարարներուն երկու երրորդին քուէները ապահովել, ապա թո՛ղ զինք պաշտօնազրկեն: Ան աւելցուց, որ նախարարի մը նկատմամբ վստահութեան քուէն վերատեսութեան ենթարկելը կը սպառնայ ամբողջ կառավարութեան գոյութեան:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ մեկնեցաւ Իրան` հանդիպում մը ունենալու համար իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ եւ քննարկելու առողջապահութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին աւարտը մօտալուտ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք կը հաւատան Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան, պայմանաւ որ ան իր զէնքը լիբանանեան պետութեան յանձնէ:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Խալիլ Համտան ընդգծեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանանը եւ Սուրիան ունին միացեալ մէկ թշնամի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ համայնքային լարուածութիւններ հրահրելով երկիրը ապահովական խախուտ կացութեան հասցուցած կ՛ըլլանք:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Սուրիա սկսած է իր տագնապէն դուրս գալու առաջին հանգրուանը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Քերիմ Բագրատունի նշեց, որ «Արաբական գարուն»ը պիտի փոխադրուի Ծոցի երկիրներ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն խնդրած է չդիմադրել Սուրիոյ ընդդիմութեան բարեկամ խմբաւորումներուն աշխատանքներուն:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ ապրող շէյխ Ապտալլա Համատ Թամիմի կոչ կ՛ուղղէ համայնքային սպանութիւններ գործելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին զօրանոցները հրկիզելու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Սամեր Սաատէ կոչ ուղղեց կտրուկ եւ վճռակամ որոշում մը տալու` Թրիփոլին ապազինելու եւ ազգային երկխօսութեան վերադառնալու առումով: Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը փոխադրուի Լիբանան:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել ընդգծեց, որ Թրիփոլիի քաղաքական բոլոր հեղինակութիւնները պէտք է համաձայնին քաղաքը զինաթափելու առնչութեամբ:

ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելուն համար:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ կատարեց հարաւային Լիբանանի, Քֆարքիլայի, Մերժահիունի, Խիամի եւ Ռըմէյշի վերեւ` խզելով ձայնի պատը եւ կեղծ յարձակումներ գործելով: Բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց այս գծով եւ շեշտեց, որ Իսրայէլ խախտած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը եւ լիբանանեան գերիշխանութիւնը:

ԱՔՔԱՐԻ ժողովրդային համախմբումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին ազգային միասնականութեան երաշխիքն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը խանգարեն երկրին պետական հաստատութիւններուն եւ կառավարութեան աշխատանքային ընթացքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ իրենք կարիք չունին Լիբանանի կառավարութիւնը տապալելու, որովհետեւ այդ կառավարութիւնը մեռած ծնած է եւ դիակ մը հարուածելու արարքը մեղք է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր ներկայ ընթացքով յարձակում կը գործէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ երկրին քրիստոնեայ համայնքին դէմ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ նշեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը զօրակցի ազգային երկխօսութեան սկզբունքին, որ ազգային պարտականութիւն է եւ ուղղակի լիբանանեան կենցաղին մաս կազմող անհրաժեշտութիւններէն է:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց արտաքին պայմանաւորուածութիւնը ունին` աւելցնելով, որ անոնց քաղաքական սխալ մեկնաբանութիւններուն պատճառով է, որ ներքին լիբանանեան կայունութիւնը խախտումներ կ՛արձանագրէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES