ՓԼԱՄՊԼԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՄՄԱՐ ՄՈՒՍԱՈՒԻԻ
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակուած անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ այցելեց Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ փետրուարի աւարտին հրապարակուելիք տեղեկագիրը, որ կը վերաբերի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին:
Մուսաուի Փլամպլիի հետ հանդիպումին ընթացքին ներկայացուց Հըզպալլայի կեցուածքները` երկրին եւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պատասխանատու են երկրին ներքին կայունութեան:
Մուսաուի շեշտեց նաեւ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը, յատկապէս Լիբանանի հիւսիսային սահմաններուն պահպանումին եւ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի ու զինեալներու մաքսանենգումը կասեցնելու առումով:
ՓԼԱՄՊԼԻ այցելեց նաեւ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան մանրամասնութիւնները:

