ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԼՊԱՆԱՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԸ

Թոփալի եւ Պըրրի յուշանուէրներ կը փոխանակեն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ալպանիոյ խորհրդարանի նախագահ Ժոզեֆինա Թոփալին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Ռանտա Պըրրիի եւ երեսփոխաններ Ապտել Լաթիֆ Զէյնի, Քասեմ Ապտել Ազիզի, Ռիատ Ռահհալի եւ Ապտել Մեժիտ Սալեհի, ինչպէս նաեւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները:

Պըրրի դրուատեց երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց լիբանանցի եւ ալպանացի գործատէրերուն միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին աւարտին Պըրրի եւ Թոփալի փոխանակեցին յուշանուէրներ:

Այն Թինէ այցելեց նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մոքպել, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական նիստի մը, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ 22 փետրուարին:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին մշակուած նոր օրինագիծեր:

ՄԻՒՍ կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ անկէ խնդրած շուտով Լիբանան վերադառնալ:

«Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի նկատել տուաւ, որ ինք որոշած է չմիջամտել կառավարութեան տագնապը լուծելու հարցին, որովհետեւ կառավարութեան նիստերը կասեցնելու իմաստով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքը կարելի չէ արդարացնել:

 

Share this Article
CATEGORIES