ՄԻՔԱԹԻ. «ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ԵՐԿՐԻ ԴԷՄ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՆԻՒԹԵԼՈՒ ԱՆՑՔԻ ԿԱՄ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԵՐԱԾԵԼ»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ալպանիոյ խորհրդարանի նախագահ Ժոզեֆինա Թոփալին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Թոփալի յայտնեց, որ ասիկա Լիբանան կատարած իր վերջին այցելութիւնն է` աւելցնելով, որ վարչապետ Միքաթի շատ յստակ էր եւ հասկացողութիւն ցուցաբերած` երկկողմանի յարաբերութիւններուն արժեւորման առումով:
Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին վարչապետ Միքաթի իր կարգին այցելէ Ալպանիա` ընդառաջելով ալպանացի իր պաշտօնակիցին` Սալեհ Պարիշայի հրաւէրին:
Թոփալի յոյս յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի եւ Ալպանիոյ միջեւ ստորագրուին փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիրներ եւ կարելիութիւն ստեղծուի դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու:
Վարչապետ Միքաթի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութեան արձանագրութիւնները նորոգելու առումով արդէն իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն ստացած է նամակ մը, որուն շուրջ արդէն իսկ խորհրդակցութիւնները սկսած են:
«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ անկարելի է արտօնել, որ Լիբանան վերածուի այս կամ այն արաբական երկրին դէմ դաւադրութիւններ նիւթելու կամ սադրանքներ նախապատրաստելու անցքի մը կամ կեդրոնի մը:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ ինք նեցուկ կը կանգնի հանրապետութեան նախագահին եւ կը քաջալերէ զայն` լիբանանեան քաղաքական կողմերը ազգային երկխօսութեան հրաւիրելու:
Անդրադառնալով կառավարութեան նիստերուն վերսկսելու հաւանականութեան` Միքաթի յայտնեց, որ այդ ուղղութեամբ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի:
Շրջանային իրադարձութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իր տուեալներուն համաձայն, շրջանին մէջ պատերազմ մը բռնկելու հաւանականութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հետագային վարչապետը պիտի կատարէ նաեւ եւրոպական շրջապտոյտ մը, որ պիտի ընդգրկէ Ռուսիան, Ռումանիան եւ Չեխիան:

