«ԹՈՂ ՀԱՐԻՐԻԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ ԱՐՏԱՑՈԼԱՑՆՈՂ ԱՌԻԹԻ» ԸՍԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մաղթեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յիշատակը ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին կարելի ըլլայ խոկալ եւ վերագտնել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը արտացոլացնող պատկերը, որուն ընդմէջէն յստակօրէն կը փաստուէր իրարու ճանչնալու եւ զիրար ընդունելու պատրաստակամութիւնը` երկխօսութեան հիման վրայ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ միայն այդպէս կարելի պիտի ըլլայ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումը:

Ան դիտել տուաւ, որ երկրին ազգային համերաշխութեան ամրապնդումը կարելի չ՛ըլլար, եթէ երկրին ազգային շահերը գերադաս չնկատուին:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միքաթիի Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները:

Նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ալպանիոյ խորհրդարանի նախագահ Ժոզեֆինա Թոփալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնող համաձայնագիրներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Թոփալի ընդգծեց նաեւ երկու երկիրներուն մէջ փոխադարձ դեսպանատուներու գոյութեան կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային քաղաքական նորագոյն զարգացումները:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, յատկապէս` Թրիփոլիի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքը, որուն հետ քննարկեց Եգիպտոսէն բնական կազ ներածելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Share this Article
CATEGORIES