«ՍԱՐՔՈԶԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑԱՅԱՅՏ ԿԵՐՊՈՎ ՀԱՅԵՐՈՒՆ Կ՛ԱՋԱԿՑԻ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ազրպէյճանական «Էյ.Էն.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ բացայայտ կերպով հայերուն կ՛աջակցի:

«Քանի մը ամիս առաջ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հայաստան այցելեց, եւ եթէ լսած էք այնտեղ կատարած անոր յայտարարութիւնը, ապա կասկած պէտք չէ ունենաք, որ ան բացայայտ կերպով պաշտպանեց հայերը եւ այդպիսով իր աջակցութիւնը յայտնեց տագնապի կողմերէն մէկուն», յայտարարած է Էրտողան եւ աւելցուցած, որ «ի հարկէ, այդ ամէնէն ետք, Ֆրանսան պէտք է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմէն դուրս գայ»:

Էրտողան յայտնած է, որ այժմ բոլորը կը սպասեն տագնապի լուծման. «Յոյսով ենք, որ որոշում որդեգրուի, եւ բոլոր անյաջողութիւնները անցեալին մէջ մնան», ընդգծած է ան:

Թուրքիոյ վարչապետը ընդգծած է, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ամէն հարցի մէջ մշտապէս պէտք է կողք-կողքի ըլլան: «Ինչպէս մեծ ղեկավար Հայտար Ալիեւը կ՛ըսէր` մենք մէկ ժողովուրդ ենք երկու պետութիւններու մէջ եւ միասին դէպի պայծառ ապագայ պիտի երթանք», նշած է Էրտողան:

Share this Article
CATEGORIES