ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՆԻՍՏ

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց երկիր կուսակցութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ համաձայնական կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերու նիստ:

Համաձայնական կառավարութեան կողմերը քննարկեցին եւ արձանագրեցին խորհրդարանական ընտրութիւններուն սեփական ընտրացուցակներով ներկայանալու, փոխադարձ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի մէջ եւ քաղաքակիրթ մրցակցութեան կանոններով ընտրութիւններուն մասնակցելու իրենց պատրաստակամութիւնը:

Կարեւոր նկատուեցան գործընկերութեան միասնականութիւնը եւ համախմբուածութիւնը, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին քաղաքական զսպուածութեան եւ յստակութեան սկզբունքներուն ապահովման անհրաժեշտութիւնը, ազնիւ մրցակցութեամբ ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ կատարելու վճռականութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES