ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԱՓԱԹՈՒՐԱՅ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԵՆ ՕԹԱՆ-Ի ՀԵՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐԱՑՈՂ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ափաթուրայ եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդանուր քարտուղարին յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը:

Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին գործընկերութեան բոլոր մարզերուն մէջ ՕԹԱՆ-ի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները եւ խորացող համագործակցութիւնը:

Սերժ Սարգսեան բաւական արդիւնաւէտ նկատեց 2011 թուականը ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութեան զարգացման տեսանկիւնէն եւ ընդգծեց, որ շարունակուած են աշխուժ քաղաքական շփումները, Հայաստան ընդլայնած է իր մասնակցութիւնը Աֆղանիստանի մէջ Միջազգային ապահովութեան աջակցութեան ուժերուն եւ հաստատուած է 2011-2013 թուականներուն Հայաստան-ՕԹԱՆ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրը:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Հայաստանի զինեալ ուժերուն եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին` Աֆղանիստանի մէջ բարձր մակարդակով ծառայութեան համար, որով հայ ժողովուրդը կրնայ հպարտանալ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանի ապահովութեան մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումներուն:

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս ընդունեց Ճէյմս Ափաթուրայը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան դրական գնահատեց Հայաստան-ՕԹԱՆ համագործակցութեան մարզին մէջ արձանագրուած արդիւնքները:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող շարք մը օրակարգային հարցերուն` մասնաւորաբար Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան, Եւրոատլանտեան գործընկերութեան խորհուրդի եւ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի ծիրին մէջ իրականացուող համագործակցութեան:

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ճէյմս Ափաթուրայ քննարկեցին այս տարի տեղի ունենալիք Շիքակոյի վեհաժողովին, Պրիւսքսելի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստան+ՕԹԱՆ ձեւաչափով Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի տարեկան նիստին առնչուող հարցերը:

Նախարար Նալբանդեան հիւրին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար Սոչիի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի արդիւնքները: Այս ծիրին մէջ Ափաթուրայ վերահաստատեց ՕԹԱՆ-ի լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:

Share this Article
CATEGORIES