ՌՈՒՍԻԱ ՈՐՈՇԱԾ Է ՔԱԼԻՆԻՆԿՐԱՏԻ ՄԷՋ «ԷՍ-400» ՀՐԹԻՌՆԵՐ ԶԵՏԵՂԵԼ

Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ օդուժի հրամանատար Ալեքսանտր Զելին յայտնած է, որ «պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշեց սահմանամերձ շրջաններուն մէջ «Էս-400» տիպի հակահրթիռային յաւելեալ հրթիռներ զետեղել»` աւելցնելով, որ մեծ հաւանականութեամբ այդ յաւելեալ հրթիռները զետեղուին Քալինինկրատի մէջ:

Զելին յայտնեց, որ «Էս-400» հրթիռները, որոնք այժմ արդիականացումի կ՛ենթարկուին, տարուան վերջաւորութեան ռուսական բանակին պիտի յանձնուին` նշելով, որ այդ հրթիռներուն բարեփոխուած տեսակին հասողութիւնը 250 քիլոմեթր է: Այժմ անիկա փորձարկումի կ՛ենթարկուի, եւ առաջին հրթիռները 2012-ի վերջաւորութեան բանակին պիտի յանձնուին:

Share this Article
CATEGORIES