ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՍԵՂՄՈՒՄԻՆ ԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՇՈՒԷ

Հրշէջներ` հրկիզուած խանութներէն մէկուն առջեւ

Յունաստանի խորհրդարանը կիրակի օր կէս գիշերէն ետք որդեգրեց տնտեսական սեղմումի ծրագիրը: Կիրակի օր Աթէնքի մէջ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բուռն բախումներէ ետք, Աթէնք երէկ առաւօտեան պատերազմի գօտիի կը նմանէր, որովհետեւ ցուցարարներ տասնեակներով շէնքեր հրկիզեցին:

Շատերու համար Յունաստանի օտար պարտատէրերուն կողմէ պահանջուած տնտեսական սեղմումի օրինագիծի որդեգրումը դժուար մարսելի է: Յունական ծովուժի նախկին սպայ Փեթրոս Տոկաս «Եուրոնիուզի» հետ զրոյցի մը ընթացքին երեսփոխանները «դաւաճան» կոչելով յայտնեց, որ ցուցարարները աւելին պէտք է ընէին եւ ոչինչ կանգուն ձգէին, «ոչ իսկ քար մը, ոչ իսկ խորհրդարանը»:

Ճարտարապետ Նիքոս Մարքու իր կարգին խորհրդարանը մատնացոյց ընելով ըսաւ, որ «ասիկա այդտեղի մարդոց յանցանքն է: Ամէն ինչ իրենցմով սկսաւ, եւ այդ ալ տարիներէ ի վեր: Մենք փորձեցինք, եւ կը հաւատամ, որ պիտի վերապրինք եւ աւելի լաւ օրեր տեսնենք»:

Ամսականներու, հանգստեան թոշակներու եւ գործատեղիներու կրճատումը այն գինն է, որ Յունաստան ստիպուեցաւ վճարել ստանալու համար Եւրոպական Միութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին տրամադրած 130 միլիառ եւրոյի օժանդակութիւնը, այլապէս յառաջիկայ ամիս երկիրը պիտի չկարենայ իր պարտքերը վճարել:

Share this Article
CATEGORIES