ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ԻՐԱՆՆ ՈՒ ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ. ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ` ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Նիւ Տելհիի պայթումին թիրախ դարձած ինքնաշարժը

Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մէկ աշխատակիցին պատկանող ինքնաշարժէն ոչ շատ հեռու ռումբ մը պայթեցաւ` պատճառելով չորս վիրաւորներ, որոնցմէ մէկը` դեսպանատան աշխատակից մը:

Այլ ռումբ մը տեղադրուած էր Թիֆլիսի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան աշխատակիցի ինքնաշարժին մէջ, սակայն այդ ռումբը վնասազերծուեցաւ:

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իրանն ու «Իրանի պաշտօնակատար» Հըզպալլան ամբաստանեց Նիւ Տելհիի եւ Թիֆլիսի մէջ յարձակումներուն ետին կանգնելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ ասիկա իր տեսակին մէջ առաջին դէպքը չէ` նշելով, որ Ազրպէյճանի եւ Թայլանտի մէջ եւս վերջին քանի մը ամիսներուն այդպիսի ծրագիրներ տեղական իշխանութիւններուն օժանդակութեամբ ձախողութեան մատնուած են: Ան ըսաւ, որ Իրան եւ Հըզպալլա կը կանգնին վերոնշեալ բոլոր յարձակումներուն ետին:

Վրաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եիցհաք Կերպեր իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «նկատի ունենալով, որ երէկ (Հըզպալլայի զինուորական պատասխանատու) Իմատ Մուղնիէի ահաբեկման տարելիցն էր, ապա այս դէպքերը սպասելի էին»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի չլռէ արտասահմանի մէջ իր պաշտօնատարներուն դէմ կատարուած յարձակումներուն գծով եւ յարձակումները  գործողներուն նկատմամբ ներողամիտ պիտի չգտնուի: «Ճշգրիտ կերպով գիտենք, թէ ո՛վ կը կանգնի այս յարձակումներուն ետին եւ ո՛վ ծրագրեց զանոնք, եւ այդ առնչութեամբ ձեռնածալ պիտի չմնանք»:

Share this Article
CATEGORIES