«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ` ՊԱՅԷՐ ԼԵՒԵՐՔՈՒԶԸՆ – ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԵՒ ԼԻՈՆ – ԱՓՈՅԵԼ ՆԻԿՈՍԻԱ
«Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երկուքական ճակատումներ:
Այսօրուան մրցումներուն Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Պայէր Լեւերքուզընի, մինչ Լիոն պիտի հիւրընկալէ Ափոյել Նիկոսիան:
Մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմը` Պարսա, պիտի փորձէ ուշքի գալ նախորդ շաբաթավերջին Օսասունայէն իր կրած պարտութենէն (3-2) եւ լաւ արդիւնք արձանագրել Գերմանիոյ մէջ, մանաւանդ որ այժմ լա լիկայի դասաւորման մէջ տասը կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտէն:
Նշենք, որ Լեւերքուզըն նախորդ շաբաթավերջին իր կարգին պարտութիւն մը կրեց Պունտըսլիկայի մրցումներուն` Պորուսիա Տորթմունտէն (1-0): Լեւերքուզընէն այսօրուան մրցումին դաշտ պիտի չկարենայ ներկայանալ Միքայէլ Պալաք (վիրաւոր):
Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Պայէր Լեւերքուզըն – Պարսելոնա 21:45
Լիոն – Ափոյել Նիկոսիա 21:45
ՎԱՂԸ
Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ – Պենֆիքա 19:00
Ա. Սէ. Միլան – Արսենալ 21:45

