ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՆ-ՄԱՐԻ ԱՊՏԵԼ ՔԱՐԻՄԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՍԿՍԱՒ
Կազմակերպութեամբ Հուփս Անթիլիաս ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Ան-Մարի Ապտել Քարիմի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 1996-1997-ի ծնունդ աղջկանց տասը խումբեր:
Բացման մրցումը տեղի ունեցաւ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Նահր Մոթ), որուն ընթացքին Շանվիլ յաղթեց Հուփս Անթիլիասի 35-23 արդիւնքով:
Բացման այս մրցումին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ, փոխնախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա, Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Ան-Մարիի հայրը` Էլիաս Ապտել Քարիմ ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ներկաներ:
Բացման մրցումին կիսախաղի դադարին, Քանսօ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Էլիաս Ապտել Քարիմի:
Մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Անթիլիաս յաղթանակով սկսաւ իր մրցումները, երբ 27-16 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփս Անթիլիասը:
Ա. հանգրուանի մնացեալ մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Տանք – Պիպլոս` 36-11, Հուփս Պէյրութ – Հուփս Հազմիէ` 32-12, Շուէյֆաթ – Պիպլոս` 45-2, Շանվիլ – Պիլիվըրզ` 29-13 եւ Շուէյֆաթ – Հուփս Հազմիէ` 21-6:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան կիրակի օրերը միայն, Հուփս Անթիլիասի դաշտերուն վրայ:
Ստորեւ` կիրակի, 19 փետրուարին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
ԺԱՄ
Տանք- Հուփս Հազմիէ 10:00
Պիպլոս – Հուփս Պէյրութ 11:00
Տանք – Շուէյֆաթ 12:00
Պիլիվըրզ – Հուփս Անթիլիաս 13:00
Շանվիլ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 14:00
Պիլիվըրզ – Մութթահետ Թրիփոլի 15:00

