ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
Նախորդ շաբաթավերջին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) գումարեց իր տարեկան համագումարը` մասնակցութեամբ ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած 73 ակումբներէն 49-ին, ինչ որ նկատուեցաւ օրինական:
Նախքան այս համագումարին սկսիլը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահ Սփիրօ Ապու Ռըժէյլիի յիշատակը:
Այս համագումարին ընթացքին, նախորդ տարուան ֆետերասիոնին գործունէութեան տեղեկագիրին ընթերցումէն ետք, անիկա ստացաւ բոլորին վստահութեան քուէն` նկատի ունենալով, որ բոլոր ներկաներն ալ իրենց քուէարկութեամբ գնահատեցին անոր տարած մէկ տարուան աշխատանքը:
CATEGORIES Մարզական

